2014-08-24 12:38:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու կոչ՝ աղօթելու Ուգրանիոյ խաղաղութեան համար։


Կիրակի, 24 օգոստոս 2014-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանի 16­րդ գլուխէն (13-20), ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հարց կու տայ թէ ի՞նչ կ՛ըսեն մարդիկը իր մասին եւ երբ աշակերտներուն կը հարցնէ իրենց կարծիքը, Սիմոն Պետրոս, յանուն տասներկուքին, կը պատասխանէ “դուն Քրիստոսն ես, ապրող Աստուծոյ Որդին”։ Այս պատասխանին ի տես, Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ՝“Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի [ասիկա], հապա իմ Հայրս` որ երկինքն է: ճանչնալով անոր անկեղծ հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ ապա Քահանայապետը, այն ինչ որ պատահեցաւ Սուրբ Պետրոսին, կը կրկնուի նաեւ այսօր, ամէն մէկ քրիստոնեայի մէջ, որ անկեղծ հաւատք ունի Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, ապրող Աստուծոյ Որդին։
“Այսօրուայ Աւետարանը ուղղուած է մեզմէ ամէն մէկուն, որպէսզի մենք եւս դառնանք կենդանի քարեր, որով կը կերտուի քրիստոնայ հասարակութիւնը եւ որուն հիմնական անկիւնաքարը կը մնայ միշտ ու միակը Քրիստոս”, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթել Հօր Աստուծոյ, որպէսզի Աստուածամօր բարեխօսութեամբ մեզի պարգեւէ շնորհքը անկեղծ սրտով պատասխանելու ՝՝Դուն Քրիստոսն ես, ապրող Աստուածոյ Որդին՝՝։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները վերյիշեց Ուգրանական սիրեցեալ հողը, որուն ազգային տօնը կը նշուի այսօր, համայն ազգը յանձնելով Յիսուսի եւ Աստուածամօր հովանիին ու յատուկ աղօթք խնդրելով պատերազմի զոհ բոլոր տառապեալներուն եւ համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար։ Մարիամ, թագուհի խաղաղութեան, աղօթէ մեզի համար։
Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը գտնուող զանազան խումբերուն ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով՝ բարի Կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.