Պահրէյնի թագաւորը հողաշերտ մը նուիրած է քրիստոնեայ համայնքին եկեղեցի մը կառուցանելու
համար
Արաբիոյ առաքելական փոխանորդը` գերապայծառ Camillo Balli, յանուն երկրի քրիստոնեայ համայնքին
Պահրէյնի թագաւոր` Hamad bin Isa Al Khalifaյին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է կաթողիկէ
եկեղեցւոյ հողաշերտ մը նուիրելուն համար։ Առաքելական փոխանորդը իր շնորհակալութեան գիրին
մէջ կոչ կ'ուղղէ յարգելու եւ պաշտպանելու փոքրամասնութիւնները։ Յայտնենք, որ նուիրատուութեան
կէտնպատակն է եկեղեցւոյ մը կառուցումը։ Եկեղեցին պիտի կոչուի ''Արաբիոյ Տիրամայր''։