2014-08-22 10:32:16

Հայաստանի կառավարութիւնը Իրաքի Եզիտիներուն աջակցելու համար կը տրամադրէ 100 հազար տոլար


Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի փոխանցուի 100 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ` Իրաքի մէջ ներքաղաքական բախումներու պատճառով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:
Այս մասին երէկ կառավարութեան նիստին որոշման նախագիծ ներկայացուց արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Հանրապետութեան 2014 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած կառավարութեան պահեստի ֆոնտին հաշուոյն:







All the contents on this site are copyrighted ©.