2014-08-21 12:06:37

Զմմառու վանքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի ժողով


Երկուշաբթի 18 Օգոստոս 2014ին երեկոյեան ժամը 18:00ին, Զմմառու Վանքին մէջ գումարուեցաւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի հանդիսութեան յանձնախումբի ժողովը, որ բաղկացած է հայկական երեք յարանուանութեանց և երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ: Ժողովը գլխաւորեց Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ եւ Վանքիս Մեծաւոր՝
Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան 100-ամեակին նուիրուած զանազան ծրագիրներ, որու աւարտին ներկաները հիւրընկալուեցան միաբանական ընթրիքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.