2014-08-21 12:00:32

ԱՄՆԻ զանազան կրօններու 34 ղեկավարները դատը կը պաշտպանեն Երուսաղէմի մէջ երկու պետութիւններու ստեղծումին


Իմամներու, ռաբունապետերու եւ եպիսկոպոսներու միացեալ կոչը վասն խաղաղութեան։
''Հրեաներու ու պաղեստինցիներու միջեւ բռնութինը. անգամ մը եւս ցոյց տուաւ. որ ներկայ իրավիճակը լուծում մը չէ'', կը կարդանք ԱՄՆի 34 իմամներու. ռաբունապետերու եւ եպիսկոպոսներու միացեալ կոչին մէջ, հրապարակուած անցեալ 14 Օգոստոս 2014-ին։
''Անոնք կը խնդրեն ԱՄՆէն եւ միջազգային հասարակութենէն ճնշում բանեցնել երկու պետութիւններու ստեղծումին համար'', կը հաղորդագրէ "Catholic News Agency" (CNA) լրատու գործակալութիւնը։
Կրօնապետերու գնահատումով միակ իրապաշտ նախընտրութիւնն է երկու ինքնավար ազգութիւններու ստեղծումը, որով կարելի պիտի ըլլայ բնակիչներուն համար ապրիլ խաղաղութեամբ, անվտանգութեամբ ու փոխադարձ ճանաչումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.