2014-08-20 15:16:55

Քորէա. Առաքելական ճամբորդութեան մը հաշուէկշիռը երկու Քորէաներու հաշտութենէն սկսեալ։


''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա առաքելական ճամբորդութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղաւ` երկու Քորէաներու հաշտութիւնը'' յայտնեց հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին` Ռատիովատիկանի տնօրէնը, մատնանշելով որ Սրբազան Քահանայապետը յաճախ վերակոչած է վերոյիշեալ նիւթը, ըլլայ քաղաքական իշխանութիւններուն առջեւ, ըլլայ երիտասարդութեան հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ըլլայ Քորէացի կղերի անդամներուն հետ եւ ըլլայ Հռոմ տանող օդանաւին մէջ` պատասխանելով իրեն ընկերացող լրագրողներու հարցումներուն։
Հաշտութեան վերակոչումը ներշնչուած է Աւետարանէն, քրիստոնէական հաւատքէն, որ կը նպատակադրէ հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը` հարաւային ու հիւսիսային երկու Քուրէաներու միջեւ։
Սրբազան Պապը գիտակից է թէ ինք քաղաքական իշխանութիւն մը չէ, այլ լոկ եկեղեցական ու բարոյական անձնաւորութիւն եւ այդ պատճառաւ միշտ կոչ կ՛ընէ փոխադարձ ապաշխարութեան, դարձի, երկխօսութեան։ Քորէացիները լաւ ընկալեցին Սրբազան Հօր այս կոչերը եւ խորապէս երախտապարտ են Անոր։
Քորէայի եպիսկոպոսներու նախագահը յայտնեց թէ ''Քահանայապետը իր Քորէա ներկայութեամբ մեզ մխիթարեց եւ ուրախացուց եւ թէ քորէացիները զինք շատ սիրեցին''։
Մոռնալու չենք, ըսաւ հայր Լոմպարտին, որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նախընտրէ հանդիպումի մշակոյթը եւ ամէն ջանք կը թափէ որպէսզի մարդիկը իրարու հանդիպին եւ իրար զիրար ճանչնան։ Քահանայապետը կարողացաւ անգամ մը եւս ցոյց տալ թէ իր ամէն մէկ շարժումին նպատակն է հանդիպիլ ուրիշին հետ եւ այդ ուրիշը` քրիստոնէական հաւատքի լոյսով, անհատ մըն է` ստեղծուած Աստուծոյ պատկերի նմանութեամբ եւ եղբայր մըն է` միեւնոյն երկնաւոր Հօր զաւակ։
Սրբազան Պապը կարողացաւ իր շարժուձեւերով ու արտայայտութիւններով հասկցնել քուրէացիներուն որ Քորէացի ժողովուրդին բոլոր անդամները, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց իրավիճակը, իրեն համար անձեր են որ պէտք է ողջագուրել, սիրել ու անոնց հանդիպիլ։
Ս. Ֆրանչիսկոս կ`ըսէր ''հարկաւոր է քարոզել միշտ Աւետարանը, մեր կեանքի ապրումով եւ ի յարկին` նաեւ խօսքով''։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չի սիրեր երկարաշունչ ճառեր արտասանել։ Երեխայ անկարները այցելելով գոհացաւ զանոնք ողջագուրելով, շոյելով եւ իր սէրը դրսեւորելով։ Այս ժէսթերը բոլորն ալ ըմբռնեցին եւ գնահատեցին։ Կակլաթայի մայր Թերեզան, որ Ասիա աշխատեցաւ, կարողացաւ աւետարանական պատգամը հաղորդել որովհետեւ ի վիճակի եղաւ մարմնացնել քրիստոնէական սէրը։ Ասիկա ամենէն ազդու միջոցն է որով Եկեղեցին կարող է վկայութիւն տալ Յիսուս Քրիստոսի։
Տարակոյս չկայ` ըսաւ Ռատիովատիկանի տնօրէնը, թէ շատ բան ունինք սորվելիք Ասիայի եկեղեցիէն։
Քահանայապետին ճամբորդութիւնը ընդհանրական եկեղեցւոյ համար մեծ դաս մը եղաւ ու մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ, քանի առիթ կու տայ ճանչնալու տեղական եկեղեցիներու ապրումները ու հաւատքի վկայութիւնները։ Քորիայի եկեղեցին, օրինակի համար, հիմնուեցաւ տեղացի աշխարհականներէն, անոնց պատմութենէն ու անոնց հաւատքի վկայութենէն։ Անոնք գիտցան պատշաճեցնել Աւետարանը իրենց մշակոյթին։
Հայր Լոմպարտին հուսկ ընդգծեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճամբորդութիւնը չմոռցուց Իրաքի քրիստոնեաներուն ողբերգութիւնը։ Սրբազան Հայրը, եզրափակիչ պատարագի աղօթքի դիտաւորութիւններու ընթացքին խնդրեց աղօթել Իրաքի քրիստոնեաներուն համար, ու իր կողմէ նշանակուած յատուկ պատուիրակ` կարտինալ ֆիլոնիի առաքելութեան յաջողութեան համար։
Եկեղեցին միշտ ներկայ է հոն ուր կայ դժուարութիւն, ուր կայ հալածանք եւ ուր կայ տառապանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.