2014-08-20 09:52:26

Ս. Պիոս Ժ Քահանայապետի մահուան հարիւրամեակը։


Վատիկանի դրոշմաթուղթի գրասենեակը` Օգոստոս ամսուայ ընթացքին, հրապարակեց շարք մը դրոշմաթուղթեր. Առաջինը` ոգեկոչում Ս. Քամիլլօ Տէ Լիլլիսի մահուան 4-րդ դարադարձին։ Երկրորդը յատկացուած` Պօղոս Զ Քահանայապետի երանացման, որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին։ Եւ երրորդը նուիրուած` Ս. Պիոս Ժ Քահանայապետի մահուան առաջին դարադարձին։
Նշենք որ Պիոս Ժ-րդ Հռոմի Պապը եղաւ` կաթողիկէ եկեղեցւոյ 257-րդ Քահանայապետը (1903-1914)։ Պարզ, համեստ եւ զուարճախօս անձնաւորութիւն որ մեծ ժողովրդականութիւն վայլած է։
Պիոս Ժ` շուտով մեծարուեցաւ հաւատացեալներէն, երանելի հռչակուեցաւ` Յունիս 1951-ին եւ սրբադասուեցաւ 29 Մայիս 1954, Պիոս ԺԲ Քահանայապետի կողմէ։ Իտալական Պետութիւնը եւս կը մեծարէ այս բարենորոգիչ ու սուրբ Քահանայապետը հրապարակելով շարք մը դրոշմաթուղթեր։
Անոր մահուան հարիւրամեակի առթիւ` (19 օգոստոս 2014) Վատիկանի Պետքարտուաղար Կարտինալ Փարոլին, յառաջիկայ 23 օգոստոսին, Իտալիոյ Թրէվիզօ նահանգին Ռիէզէ քաղաքին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Արարողութենէն առաջ նախատեսուած է թափօր մը ինչպէս նաեւ աղօթք խաղաղութեան համար ու յատկապէս Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.