2014-08-20 11:10:59

Արեւելքի Պատրիարքներու պատուիրակութիւն մը կ՛այցելէ Իրաք։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Արեւելքի կաթողիկէ յարանուանութեան բոլոր պատրիարքները, այսօր կը մեկնին Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզ` զօրակցութիւն յայտնելու Էրպիլի, Նինուէի եւ Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւններուն հետեւանքով, իրենց քաղաքներէն վտարուած եւ հոն ապաստան գտած քրիստոնեաներուն ։ Իր կեցութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ կ՛ունենայ Քիւտիստանի ինքնավար շրջանի պատկան իշխանութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ Քաղտէացիներու` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ Պատրիարքին հետ։
Յայնտենք որ վերոյիշեալ պատուիրակութիւնը Իրաք կը ժամանէ, Սրբազան Քահանայապետի յատուկ Պատուիրակ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին Իրաք կատարած առաքելութեան աւարտին։







All the contents on this site are copyrighted ©.