2014-08-19 10:58:34

Կարտինալ Ֆիլոնի Իրաքի նախագահին կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յատուկ պատուիրակը` կարտինալ ֆիլոնին, երեքշաբթի 19 օգոստոսին Պաղտատ հասաւ հանդիպում ունենալու երկիրի նախագահին հետ եւ անոր յանձնելու Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով Ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչը` իր խնդակցութիւնը յայտնած է Քիւրտեստանի կառավարութեան աքսորուած քրիստոնեաներուն վերապահած հիւրընկալութեան համար։ Քիւրտեստանի ինքնավար Կառավարութիւնը իր բոլոր կարելին կ'ընէ օգնութեան հասնելու իր հողին վրայ ապաստանող քրիստոնեաներուն ու եզիտիներուն։ Էրպիլ քաղաքին մէջ աւելի քան 20 հազար քրիստոնեաներ ապաստան գտած են մինչեւ օրս յայտնած է Կարտինալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.