2014-08-18 11:48:39

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրները՝ Քորէայէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին։


Ինչպէս դէպի Քորէայ թռիչքի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապը, հեռագիրներ ուղղեց նաեւ դէպի Հռոմ վերադարձի ճանապարհի ընթացքին՝ սաւառնած երկիրներու վրայէն, անոնց նախագահներուն եւ ժողովուրդներուն հասցէին` Քորէա, Չինաստան,Մոնկոլիա, Ռուսիա, Պիելոռուսիա, Լեհաստան, Սլովաքիա, Աւստրիա, Սլովենիա, Խրուաթիա, եւ Իտալիա։
Նշանակելի է թուել` Չինաստանի նախագահին ու անոր ժողովուրդին յղած Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը ուր՝ Սրբազան Հայրը վերանորոցեց իր մաղթանքները հայցելով անոնց վրայ ''Աստուածային օրհնութիւններ''։ Յայտնենք որ այս առաջին անագմն է որ Քահանայապետական օդանաւ մը կ՛անցնի Չինաստանի վրայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.