2014-08-18 09:09:42

Փեշմերկաները յաջողեցան գրաւել Մուսուլի ամբարտակի արեւելեան մասը։


Կիրակի, 17 օգոստոսին, Իրաքի մէջ Փեշմերկաները յաջողեցան ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ յառաջանալ ու գրաւել Մուսուլի ամբարտակի արեւելեան մասը: Բախումներու ընթացքին սպաննուեցան ՏԱՀԵՇ-ի բազմաթիւ անդամներ, ներառեալ` կազմակերպութեան ղեկավարի օգնական : Փեշմերկաները նաեւ գրաւեցին Մուսուլի հիւսիսը եւ Մուսուլի ամբարտակին հիւսիսը գտնուող շարք մը գիւղեր:Մինչ այդ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի գերմանական կառավարութենէն պահանջեց զէնք մատակարարել իր ուժերուն, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ կը կռուին։ Աղբիւրներ ամերիկեան «Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ տասնեակներով քիւրտեր հաւաքուած են Սպիտակ տան դիմաց` բողոքելու համար հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն գործած ահաւոր արարքներուն դէմ եւ պահանջելու համար, որ «մարդկային խիղճը իրենց ողբերգութեան ուշադրութիւն դարձնէ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.