2014-08-18 08:41:28

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապի հարաւային Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։


Երկուշաբթի, 18 օգոստոս 2014ի յետմիջօրէին, կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հարաւային Քորէա կատարած հովուական այցելութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ չորեքշաբթի 13 օգոստոսին եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Երանելի հռչակեց 124 Քորէացի նահատակներ, մասնակցեցաւ եւ հանդիսապետեց Ասիայի երիտասարդաց 6-րդ հաւաքի տօնախմբութիւններուն, հանդիպումներ ունեցաւ տեղական եւ ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն հետ, այցելեց Քորէացի նահատակներու սրբավայրերը ու բարեսիրական գործունէութիւններու կեդնրոններ, հանդիպեցաւ անցեալ ապրիլին Սէուլի նաւաբեկութեան զոհերու ընտանիքներուն ու անոնցմէ մէկուն, անսպասելիօրէն, մատակարարեց սուրբ մկրտութեան խորհուրդը այնպէս ինչպէս անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ իր եղբայրակից Յիսուսեաններու` Քորէայի մէկ համալսարանին։
Հինգ օր տեւող ճամբորդութեան վերջին օրը` օգոստոս 18-ի օրակարգը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 8,30-ին ( Հռոմի ժամով 1,30)։ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով առաքելական դեսպանութենէն, որ հինգ օրերուն ընթացքին իր բնակավայրը հանդիսացած էր, փոխադրուեցաւ Սէուլի Մէոնկ Տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցի ուր ժամը 9-ին (Հռոմ` 2,00) հանդիպում ունեցաւ տեղական այլ կրօններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, եկեղեցւոյ մէկ հանդիսասրահին մէջ։ Հանդիպումի ընթացքին ճառեր չէին նախատեսուած այլ միայն առանձնական հանդիպում եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացում։
Հանդիպումի աւարտին, ժամը 9,45ին (2,45ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց ''Քորէայի Խաղաղութեան եւ հաշտութեան'' սուրբ պատարագի արարողութիւնը, Քորէացի բոլոր եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ։ Սուրբ զոհի ընթացքին աղօթքներ կատարուեցան խաղաղութեան, պատերազմի դաշտերու, բաժանումներէ տառապողներու, աղքատներու եւ մեկուսացեալներու դիտաւորութեան։
Սէուլի Մէոնկ Տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած ''Քորէայի Խաղաղութեան եւ հաշտութեան'' դիտաւորութեան սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ մէկիկ մէկիկ ողջունելէ ետք Քորէայի եպիսկոպոսները, Եկեղեցւոյ 9 մարտիրոսներու նուիրուած դամաբանին առջեւ պահ մը աղօթեց, ապա ժամը 12,15-ին (Հռոմի ժամով 5,15) հրաժեշտ առաւ եւ ուղղուեցաւ Սէուլի օդակայան, ուր ժամանեց 12,45-ին (Հռոմի ամով 5,45-ին) եւ ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, Սէուլի նախագահին եւ պատկան իշխանութիւններու ներկայութեամբ։
Տեղական ժամով 13-ին (Հռոմի ժամով 6-ին) Քահանայապետական սաւառնակը թռիչք առաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի Հռոմ, եւ նախատեսուած 11 ժամ 45 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ ետք, Հռոմի Չամփինօ օդակայն կը հասնի երկուշաբթի 18 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 17,45-ին։
Այսպէսով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապի երրորդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը որ մեւնոյն ատեն կը հանդիսանայ Իտալիայէն դուրս ժամանակակից շրջանի Քահանայապետական 140-րդ ճամբորդութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.