2014-08-17 08:28:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց Քորէացի Լի Հոյին։


Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յատնեց թէ ''Կիրակի, 17 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 7-ին (Հռոմի ժամով 16 օգոստոսի կէս գիշերին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,Սէուլի առաքելական նուիրակութեան մատրան մէջ, Քորէացի տիար Լի Հոյին մատակարարեց սուրբ մկրտութեան արարողութիւնը։ Լի Հօ հայրն է, անցեալ ապրիլ 2014-ին, Սէուլի ծովուն մէջ պատահած նաւաբեկութեան զոհ` պատանիի մը, որ անցեալ օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրած էր մկրտութեան խորհուրդը ստանալ անոր ձեռքերէն։ Լի Հոյին կ՛ընկերանային անոր երկու զաւակները եւ Քահանան որ զինք պատրաստած էր մկրտութեան խորհուրդին։ Արարողութիւնը, որ անցաւ պարզ մթնոլորտի մէջ, մատակարարուեցաւ Հայր Ժոն Չոնկ Չէչոնի օգութեամբ, որ Նորին Սրբութեան կ՛ըներանայ որպէս թարգմանիչ մինչ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անձամբ կատարեց ս. Մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդը։ Մկրտեալին տրուեցաւ Ֆրանչիսկոս անունը։ Սրբազան Հայրը գոհունակ էր մասնակցելու Քորէացի Եկեղեցւոյ վեհանձն այս առաքելութեան, մկրտութիւնը մատակարարելով Քորէացի չափահասի մը''։
Հայր Լոմպարտին անցեալ օրերուն յայտնած էր որ Քորէայի մէջ բազմաթիւ են չափահասները, որ մկրտութեան
խորհուրդին կը մօտենան`տարին շուրջ 100 հազար չափահասներ կը մկրտուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.