2014-08-17 09:29:28

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Զմմառու մէջ։


Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է և Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը: Զայն կը տօնեն Օգոստոս 15-ի մօտակայ կիրակին:
Այս տօնի պատմական հիմքը սրբազան աւանդութիւնն է, ըստ որուն Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, Սուրբ Կոյս Մարիամ Յովհաննէս Առաքեալին հետ մնաց Երուսաղէմի մէջ, ուր ապրեցաւ տակաւին տասներկու տարի: Օր մը, երբ Սուրբ Կոյսը կ'աղօթէր իր սենեակին մէջ, Գաբրիել Հրեշտակապետը երեւցաւ, ողջունեց ու կանչեց զինք Ձիթենեաց լեռ, ուր Սուրբ Կոյսը սովորաբար կ'երթար աղօթելու և այնտեղ Մարիամ ստացաւ իր երկինք փոխուելու աւետիսը և բրաբիոնի պսակը: Երբ առաքեալները շրջապատած էին Տիրամօր մահիճը, աննկարագրելի լոյս մը ծագեցաւ և Քրիստոս յայտնուեցաւ` հրեշտակներու զօրքերով: Ի տես իր Որդւոյն` Աստուածամայրը աւանդեց իր հոգին։ Երբ երեք օր յետոյ Հրեշտակներու օրհներգութիւնները դադրեցան, Առաքեալները բացին գերեզմանը և զայն դատարարկ գտան: Տիրուհին փոխադրուած էր դէպի մեծ ու լուսապատիւ փառքը հրաբուն զօրքերու միջոցով, և Առաքեալները հիանալով փառք տուին Աստուծոյ: Եկեղեցին Մարիամի երկրային կեանքի վախճանը կ'անուանէ վերափոխում բառով, որ կը նշանակէ վեր փոխադրուիլ։ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ կը կատարուի խաղողի օրհնութիւնը, որմէ յետոյ միայն կը թույլատրուի խաղող ուտել։ Քրիստոսն ինքզինք կը համեմատէր խաղողի որթատունկին հետ։ Խաղողէն կը պատրաստուի նաեւ գինին։ Քրիստոս, վերջին ընթրիքի ժամանակ՝ գինին տալով աշակերտներուն, ըսաւ. «Այս է իմ արիւնը»։ Հայոց Եկեղեցին , օրհնելով խաղողը, խաղողի միջոցով կ'օրհնէ տարուայ ամբողջ բերքը։ Խաղողօրհնէքի ընթացքին՝ կը կարդացուի Սբ. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքը:

Այս տարի եւս Ս. Կոյսին Վերափոխումը մեծաշուք պիտի տօնուի, կազմակերպութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան վարչութեան, հետեւեալ օրակարգով:

- Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօն
Շաբաթ 16 Օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին,

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ որպէս նախատօնակ (Արաբերէն լեզուով),
որուն պիտի յաջորդեն խաղողօրհնէք և տօնական հրավառութիւն Վանքի զբօսավայրին մէջ:

Կիրակի 17 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին,

Հայրապետական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց: Սրբազան երգեցողութիւնը պիտի կատարէ «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ Դոկտ. Եդուարթ Թորիկեանի:
Տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնն ու Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւններու բոլոր Միութիւնները:

Երկուշաբթի 18 Օգոստոս 2014, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Օր Մեռելոց է, ննջեցեալներու յիշատակութեան օրը: Առաւօտեան ժամը 8.00-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ և Անմահ Պատարագ կը մատուցանէ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքիս Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Զմմառու Պատրիաքական Միաբանութեան հայրապետներուն և միաբան հայրերուն հոգիներուն համար: Պատարագի աւարտին՝ Միաբան Հայրերը և դպրեվանքի ուսանողները միասնաբար թափօրով կ'ուղղուին միաբանական դամբարան, ուր կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն Միաբանութեան ննջեցեալ հայրերու հոգիներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.