2014-08-17 09:37:00

Հայէմիի Սրբավայրը


Կիրակի, 17 օգոստոսին, Սէուլի ժամով, առաւօտեան ժամը 11.00ին (Հռոմի առաւօտեան 4-ին), Ֆրանչիսկոս Պապը Հաէմիի մէջ հանդիպեցաւ Ասիայի եպիսկոպոսներուն հետ։
Հայէմիի մէջ կը գտնուի աղօթատեղի մը ուր՝ 132 քորէացիներ, որոնց մեծամասնութեան անունները անյայտ մնացած են պատմութեան, հալածուած, նահատակուած եւ ողջ ողջ թաղուած են` վասն իրենց քրիստոնէական դաւանանքին։
Հայէմիի շրջանին մէջ, քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ջարդերու եւ հալածանքներու պատճառներէն մին այն է թէ հոն՝ կը գտնուէր ռազմավարական կեդրոնատեղի մը ուր զինուորներուն կը պարտադրէին սպաննել եւ հալածել քրիստոնեաները։
Հայէմիի շրջանը այժմ կը յիշուի որպէս աղօթատեղիի վայր՝ յիշելու համար հաւատացեալներու եւ նահատակներու կրած չարչարանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.