2014-08-16 11:18:50

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իւրայատուկ ''խարիզմը'' կապի մէջ մտնելու ամէն շրջանի եւ մշակոյթի երիտասարդութեան հետ։


Ռատիովատիկանի մեր գործակիցը` Տավիտը Տիոնիզի, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիէն խնդրեց իր տպաւորութիւնները հաղորդել Քահանայապետի Քորէա այցելութեան երկրորդ օրուայ աւարտին։


Տնօրէնը նախ մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետին դէպի Daejeon գնացքով ուղղուելու նախընտրութիւնը, փոխանակ ինքնաթիռով, ինչպէս յայտագիրը կը նախատեսէր։ Այս առաջին անգամն է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը ճամբորդէ արագընթաց գնացքով եւ նախատեսուած օրուան յայտագիրը լիովին գործադրուեցաւ։

Գալով Սրբազան Հօր հանդիպումին Սէուլի անցեալ ապրիլի նաւաբեկութեան զոհերու պարագաներուն հետ. Հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ ''Այդ հանդիպումը անգամ մը եւս հաստատեց Քահանայապետին մեծ սիրտը ու գորովը բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը տառապին։ Այդ զոհերէն մէկուն հայրը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, Անորմէ խնդրեց մկրտութեան խորհուրդը ընդունիլ, Սրբազան Պապին ձեռքով։ Սրբազան Հայրը յօժարակամ ընդառաջեց անոր խնդրանքին, ժամադրութիւն տալով յաջորդ օրը (կիրակի 17 օգոստոսի առաւօտեան) առաքելական դեսպանատան մէջ։ Հայր Լոմպարտի յայտնեց որ Քորէայի մէջ բազմաթիւ են չափահասները, որ մկրտութեան
խորհուրդին կը մօտենան։ Քորէայի մէջ, տարին շուրջ 100 հազար չափահասներ կը մկրտուին։

Պատասխանելով Սրբազան Քահանայապեին հետ ճաշին սեղանակից եղած 20 երիտասարդներու ներկայութեան, հայր Լոմպարտին ըսաւ թէ 20 երիտասարդները կը ներկայացնէին Ասիայի բոլոր երկիրները, որ կը մասնակցին երիտասարդութեան 6-րդ օրուայ հաւաքին։ Անոնք շուրջ մէկ ու կէս ժամ անցուցին Սրբազան Քահանայապետին հետ զուարթ մթնոլորտի մէջ։ Անոնք կերպով մը կը ներկայացնէին իրենց բոլոր ընկեր-ընկերուհիները։
Երիտասարդներու հետ հանդիպումին մասին խօսելով հայր Լոմպարտին ըսաւ այս հանդիպումը յոյժ կարեւոր է քանի առանցքը կը կազմէ առաքելական ճամբորդութեան, եւ որովհետեւ առաջին անգամ է որ նման հանդիպում մը տեղի կ`ունենայ լատին աշխարհէն դուրս, մեզի համար օտար են լեզուններն ու մշակոյթները, եւ սակայն ամէնքս ականատես եղանք թէ ինչպէս անցաւ հանդիպումը. հաղորդակցութեան մէջ մտնելու հմայքը, սրտերը շարժելու ոյժը, խանդավառելու երիտասարդները, կարողութիւնը համապատասխանելու անոնց ակնկալութիւններուն, իր կարգին անոնց պատասախան ուղղելու եւ հրաւիրելու միասնաբար աղօթելու։ Մէկ խօսքով հանդիպումը հրաշալի անցաւ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար աշխարհագրական սահմաններ չկան հանդիպում ունենալու աշխարի երիտասարդներուն հետ։

Հուսկ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին եզրափակեց իր զրոյցը խօսելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ոչ նախատեսուած հանդիպումի մասին Յիսուեան իր միաբանակիցներու հետ Sogang համալսարանի մէջ. ''պէտք չէ շատ զարմանք պատճառէ քանի Յիսուսեան միաբանութիւնը Քորէայի մէջ բազմազան առաքելութիւններ կը կատարէ։ Ուստի Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց իր միաբանակիցներուն խնդրանքին առանց խանգարում պատճառելու նախատեսուած յայտագրին'' ըսաւ Հայր Լոմպարտի։







All the contents on this site are copyrighted ©.