2014-08-16 13:12:51

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը հովուական առաքելութեան նուիրուած աշխարհական ընկերակցութիւններու պատասխանատուներուն հետ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, շաբաթ 16 օգոստոսի յետմիջօրէին վերջին հանդիպումը եղաւ հովուական առաքելութեան նուիրուած աշխարհական պատասխանատուներու անդամներուն հետ ''Քքոթոնիէի'' հոգեւորականութեան նուիրուած կեդրոնին մէջ։

Աշխարհական առաքեալներու ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպելու ''Քորէայի աշխարհական առաքելութեան ծաղկուն իրողութեան պատուիրակներուն հետ''։
Քորէայի Եկեղեցին - ըսաւ Ան - ժառանգ է աշխարհականներու սերունդներուն, որոնք յարատեւեցին Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն եւ Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ, հակառակ քահանաներու պակասին եւ հալածանքներու սպառնալիքին։ Այսօր աւելի քան երբեք Եկեղեցին պէտք ունի աշխարհականներուն Աւետարանի փրկակար ճշմարտութեան հաւատալի վկայութեան, եւ անորմէ բխած պտղաբերութեան, կառուցելու համար մարդկային ընտանիքը միութեամբ, արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց աշխարհականներու առաքելութեան ծաւալուն գործունէութեան, ճանչնալով բազմաթիւ ընկերակցութիւններու գործունէութիւնը ի սպաս աղաքատներուն եւ կարիքաւորներուն։
''Ինչպէս ցոյց կու տայ առաջին քրիստոնեանրու օրինակը, հաւատքի պտղաբերութիւնը կ՛արտայայտուի մեր եղբայր ու քոյրերուն հանդէպ իսկական զօրակցութեան միջոցաւ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - առանց նկատի առնելու անոնց ընկերային դասակարգը կամ մշակոյթը որովհետեւ Քրիստոսի համար չկայ ''ոչ հրեայ եւ ոչ ալ Յոյն''։
Նորին Սրբութիւնը ապա խնդրեց կրկնապտկել ջանքերը մարդկային զարգացումի ուղիով, որպէսզնի ամէն մէկ այր եւ կին կարենան ճանչնալ ուրախութիւնը որ կը բխի առօրեայ հացը ապահովելու արժանապատուութենէն եւ իրենց ընտանիքի թիկունք կանգնելու կարելիութենէն։
Սրբազան Հայրը ապա յատուկէն ընդգծեց Քորէացի կաթողիկէ կիներու դերը` Եկեղեցւոյ եւ երկրի կեանքին եւ առաքելութեան ի սպաս, որպէս մայրեր, կրօնսուսոյցներ եւ դաստիարակներ....ու մատնանշեց Քրիստոնեայ ընտանիքներու վկայութեան կարեւորութիւնը, ընտանեկան կեանքի տագնապի այս ժամանակաշրջանին մէջ, ուր մեր հասարակութիւններն ու Եկեղեցին կանչուած են թիկունք կանգնելու ամունսացեալ զոյգերուն, որպէսզի կարենան Եկեղեցւոյ եւ հասարակական կեանքէն ներս իրենց յաձնուած առաքելութիւնը կատարել։
Ընտանիքը - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը – կը մնայ ընկերութեան հիմնական տարրը եւ առաջին դպրոցը ուր մանուկները կը սորվին մարդկային, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները որոնք զիրենք կը դարձնէ կարող ըլլալու ընկերութեան բարիութեան, ամբողջականութեան եւ արդարութեան փարոսներ։
Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը խրախուսեց յարատեւել աշխարհական հաւատացեալներու կազմաւորումի ուղիով եւ գործել համագործակցութեամբ հովիւներուն հետ։ Ան ապա վերահաստտաեց թէ աշխարհականներու սատարը կարեւոր է Քորէայի եւ համայն Ասիայի համար. Հուսկ Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնեց ներկաներն ու իրենց ներկայացուցած ընկերակցութիւնները, անոնց վրայ հայցելով Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը եւ Աստուածամօր բարեխնամ հովանին։
''Շնորհակալութիւն եւ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.