2014-08-16 11:05:39

Քորէացի 124 նահատակներու երանացման արարողութիւնը։


Շաբաթ, 16 օգոստոսի առաւօտեան 8.45-ին (Հռոմի ժամով 1.45-ին) , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սէօ Սօ Մուն նահատակներու սրբավայրը, որ եղած է Քորէացի 103 նահատակներու, նահատակութեան վայրը։ Դէպի Սէօ Սօ Մուն տանող ճանապարհն ալ արդարեւ ճանչցուած է որպէս ''մահուան կամ նահատակութեան ճանապարհ''։
Սէօ Սօ Մուն Սրբավայրի այցելութենէն ետք, Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Սէուլի ''Կուանկուամուն մուտք'' անուան վայրը որ Սէուլի խորհրդանշական վայրն է եւ որ Քորէայի հին ու ժամանակակից պատմութիւնը իրար կը միացնէ։
Նորին Սրբութիւնը, ինքնաշարժով շրջանը ըրաւ վայրին, ողջունելով հոն համախմբուած աւելի քան 800 հազար հաւատացեալները, ու ապա գլխաւորեց` Փոլ Եուն Եի Չունկի ու անոր 123 նահատակ ընկերներու երանացման սուրբ պատարագի արարողութիւնը։
Յայտնենք որ Քորէական Եկեղեցին երրորդ անգամն է որ կը տօնախմբէ իր նահատակներու երանացումը։ 25 Յուլիս 1925-ին, երանելիներու դասին արժանացան 79 նահատակներ, զոհ` 1839-1846 հալածանքներուն։ 29 փետրուար 1968 այլ 24 նահատաներ դասուեցան երանելիներու շարքին եւ այսօր` 16 օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ նահատակներու երրորդ երանացման արարողութիւնը։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց կաթողիկէները հետեւելու նախ եւ առաջ Յիսուս Քրիստոսին, քան աշխարհին ու անոր հրապոյրներուն։Ան վերյիշեց թէ ինչպէս Քորէայի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց ու տարածուեցաւ շնորհիւ բազմաթիւ աշխարհական մարտիրոսներու հերոսական նուիրումին, որ պտղաբեր եւ հարուստ դարձուցին Քորէայի ապագան։ Անոնց օրինակը մեզի ըսելիք շատ բաներ ունի, մենք որ կ՛ապրինք անսահման հարստութիւններու ընկերութեան մը մէջ ուր կը ծաւալի նաեւ խղճալի աղքատութիւնը, ուր հազուադէպօրէն աղքատներու ձայնը կ՛ուկնդրուի եւ ուր Քրիստոս կը շարունակէ կոչ ուղղել ու մեզ հրաւիրել զինք սիրելու ու Իրեն ծառայելու ձեռք երկարելով մեր կարիքաւոր եղբայր ու քոյրերուն։
Մարտիրոսներու օրինակը մեզի կը սորվեցնէ սիրոյ եւ ողորմութեան կարեւորութիւնը հաւատքի կեանքին մէջ ու անոնց ժառանգութիւնը կը ներշնչէ բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները գործելու ներդաշնակութեամբ, աւելի արդար, ազատ եւ հաշտուած ընկերութեան մը ի սպաս եւ սատարելու խաղաղութեան հաստատումին եւ մարդկային արժէքներու պաշպանութեան այս երկրի ու համայն աշխարհի մէջ։
Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց հայցելով բոլոր մարտիրոսներու բարեխօսութիւնը, որ միացած Տիրամօր բարեխօսութեան, մեզի համար ընդունին շնորհքը յարատեւելու հաւատքի եւ սրբութեան ճանապարհով, նուիրական առաքելութեամբ վկայելու Յիսուսը համայն Ասիայի ու բոլոր աշխարհի մէջ։
Յայտնենք որ Սուրբ զոհէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս ողջունեց անցեալ ապրիլ ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած նաւաբկութեան զոհերու ընտանեկան պարագաները, անոնց դարձեալ յայտնելով իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութեան զգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.