2014-08-16 09:13:05

Քորէացի 124 նահատակներ Երանելի կը հռչակուին։


Շաբաթ`16 Օգոստոսին եկեղեցւոյ երանելիներու ցանկին մէջ, նոր անուն մը կ՛աւելնայ յանձին` Paul Yun Ji Chung-ին` աշխարական մը, որ Քորէայի մէջ, նահատակուած է Քրիստոսի սիրոյն, իր 123 ընկերներուն հետ միասին, 1791 թուականին։ Ան կը պատկանէր ընկերութեան բարձր դասակարգին։
1791-1888 տարիներուն Քորէացի քրիստոնեաները մեծ հալածանք մը կրեցին, անոնցմէ շատերը կը պատկանէին ազնուական դասակարգին։
Երանացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սէուլ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նախագահած Սուրբ Պատարագի ընթացքին` շաբաթ 16 Օգոստոս 2014-ին։
Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 7 Փետրուար 2014-ին ճանչցած էր Paul Yun Ji-chung եւ անոր 123 ընկերներուն վասն հաւատքի նահատակութիւնը ։
Յայտնենք որ Քորէայի եկեղեցին, արդէն կը մեծարէ 103 նահատակներ, որոնք սուրբ հռչակուեցան 1984-ին, միշտ Սէուլի մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետի կողմէ, մինչ Քորէայի եկեղեցին կը տօնախմբէր իր ծննդեան 200-րդ տարեդարձը։
Նշենք որ 17-րդ դարուն է որ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Քորէայի մէջ։ Առաջին 100 տարիներուն ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցին, կրեց չորս զանգուածային հալածանքներ։ Պատմաբաններու գնահատումով աւելի քան 16 հազար քրիստոնեաներ նահատակուեցան։ Շնորհիւ քրիստոնեայ քորէացիներուն ողջ եւ անվեհեր հաւատքին, քորէայի քրիստոնեայ համայնքը կարողացաւ դիմադրել հալածանքի անողորմ ալիքներուն։ Այսօր Քորէայի քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը նկատուի աշխարհի ամենէն կենսունակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.