2014-08-16 12:16:03

Քորէայի Կրօնաւոր հասարակութեան հետ հանդիպում։


Շաբաթ 16 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին (Հռոմի ժամով 8,30-ին), Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց ''Քքոթոննիէի'' անկարներու ''"House of Hope – Յոյսի Տուն" կեդրոնը, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Քորէայի կրօնաւորական հասարակութիւններու անդամներուն հետ ու հովուական առաքելութեան նուիրուած աշխարհական պատասխանատուներուն հետ։
Անկարներու ''"House of Hope – Յոյսի Տուն" ին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ 150 չափահաս հիւանդներու եւ 50 անկար մանուկներու ու հիւանդներու խնամատար մարմնի անդամներուն հետ։ Սրբազան Հայրը մէկիկ մէկիկ ողջունեց մանուկները իր իւրայատուկ մօտիկութիւնն ու գուրգուրանքը արտայայտելով անոնց։ ''Յոյսի Տուն" կեդրոնատեղին այցելելէ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ ''Սիրոյ դպրոց'' անումաբ այլ կեդրոն մը եւ ճամբուն վրայ կանգ առաւ ու աղօթեց ''վիժումի զոհ մանուկներու'' նուիրուած պարտեզին մէջ։
''School of Love - Սիրոյ դպրոց'' հաստատութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Քորէայի կրօնաւորական հասարակութիւններու անդամներուն հետ ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ նկատել տոուաւ թէ ինչպէս ''խարիզմներու'' եւ հովուական գործունէութեան զանազանութիւնը հարուստ կը դարձնէ Քորէայի Եկեղեցւոյ կեանքը։ Ան ապա հաստատեց թէ ''միայն երբ վկայութիւնը ուրախ վկայութիւն մըն է, կարելի է դէպի Քրիստոս տանիլ մարդիկը, եւ թէ այս ուրախութիւնը շնորհք մըն է որ սնունդ կ՛առնէ աղօթքին եւ Աստուծոյ խօսքին նուիրուած կեանքէ մը ինչպէս նաեւ խորհուրդներու մատակարարութենէն եւ հասարակաց կեանքէն։
''Ողջախոհութեան, աղքատութեան եւ հնազանդութեան ուխտերու վրայ հիմնուած կեանքը, կը դառնայ Աստուծոյ սիրոյ ուրախ վկայութիւնը, այն չափով որ մենք կը մնանք կառչած ողորմութեան ժայռին'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ ''չկայ դիւրահարթ այլ ճանապարհ մը. Աստուած կը փափաքի որ մեր սրտերը ամբողջովին նուիրենք Իրեն եւ այս կը նշանակէ թէ պէտք է ապրինք ''անջատումի'' հոգիով եւ ''միշտ աւելիով դուրս ելլենք մենք մեզմէ'' ։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց աղքատութեան հոգիին որ իր արտայայտութինը գտնելու է համապասխան ապրելակերպին մէջ ու դատապարտեց այն այրերն ու կիներու կեղծաւորութիւնը որ հակառակ աղքատութեան իրենց ուխտին կը շարունակեն ապրիլ շռայլութեամբ վիրաւորելով Եկեղեցին ու հաւատացեալները։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ ապա Քահանայապետը խօսքին աւարտին, ձեր կարելին ըրէք ցոյց տալու թէ նուիրեալ կեանքը արժէքաւոր պարգեւ մըն է Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին։ Շնորհք մը որ պէտք էք կիսել, տանելով Քրիստոսը` այս սիրեացել երկրին բոլոր անկիւնները։
Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ, մասնաւորապէս ձեր հասարակութիւններուն տարեցներն ու հիւանդները որոնց կ՛ուղղեմ յատուկ ողջոյնս, Եկեղեցւոյ Մայր` Մարիամի խնամատարութեան ու ձեզի կու տամ իմ օրհնութիւնս յանուն Հօր Եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։







All the contents on this site are copyrighted ©.