2014-08-16 15:08:09

Տօն Փոխման Սրբոյ Կուսին


Գերազանցօրէն տօնական է այս օրը` զոր ողջունեցինք Աստուծոյ շնորհքով, այս օրը նուիրուած Աստուածամօր` հոգւով եւ մարմնով երկինք վերափոխման: Մեր սիրտը ցնծութեամբ եւ իսկական ուրախութեամբ լի է:
Վերափոխման Տօնը ծիսական տարուան ամենամեծ, ամենաշքեղ տօներէն մէկն է, որովհետեւ այն օրը կը յիշատակենք Տիրամօր յաղթանակը, փառքը, երկինքի եւ երկրի թագուհի պսակուիլը: Կը հիանանք, կը սքանչանանք զինքը տեսնելով անպատում փառքով եւ մեծութեամբ պսակուած, որով կը բարձրանայ բոլոր արարածներէն, սուրբերէն եւ հրեշտակներէն վեր ու կը գրաւէ իրեն յատուկ տեղը Աստուածութեան եւ մարդկութեան միջեւ:
Գոհունակութեան աղօթքը խունկի նման կը բարձրանայ մեր սրտէն դէպի Աստուած, որ ուզեց իր անսահման փառքով պսակադրել բոլոր կիներուն մէջ Օրհնեալը, Կոյսը, եւ համայն մարդկութեան Մայրը:
Մօր Փառքը փառաւորութիւն է նաեւ որդիներուն, մաանաւանդ երբ կը տեսնենք Տիրուհիին սէրը հանդէպ իր որդիներուն, երբ կը հսկէ անոնց վրայ, կը հոգայ, կը խնամէ իր զաւակները, որոնք աքսորի, տառապանքի, սպանդի, եւ պանդխտութեան մէջ կ՛ապրին եւ ամէն օր մեծ հաւատքով եւ մեծ ցաւով նաեւ կ՛ողջունեն իրենց երկնաւոր Մայրը, գոչելով. « Ողջ լեր Թագուհի, Մայր ողորմութեան, կեանք, քաղցրութիւն, եւ յոյս մեր, ողջ լեր»:
Ս. Բերնարդին Սիենացի (1380- 1444) Փրանկիսկեան մեծ քարոզիչը, զոր կոչուած է «երկրորդ Պօղոս» Պիոս Բ. Քահանայապետի կողմէ, ըսած էր. «Այն վարկեանէն, որ Մարիամ հաւանեցաւ ըլլալու Մայրը Յաւիտենական Խօսքին, վաստակեցաւ արժանիքը (արժանիքը ունեցաւ) դառնալու Տիրուհին ամբողջ աշխարհին եւ բոլոր արարածներուն»:
Ս. Կոյսը եղաւ մայր, որ ապրեցաւ անարատ` մինչեւ կեանքին վերջը: Անոր մահե ծերութեան հետեւանքը չէր: Մեր Սուրբ Հայրերը «անցք» կամ «ննջումն» Տիրամօր կը կոչեն այն պահը: «Ի հող դարձցիս» խօսքը չէր ըսուած Տիրամօր համար: Այն մարմինը` որմէ իր մարմինը 9 ամիս առած էր Յիսուս, չէր կրնար ապականիլ գերեզմանին մէջ:
Եթէ հարցնելու ըլլանք ինչո՞ւ այսքան կը մեծարուի, կը փառաւորուի այսքան բարձր պատիւին կ՛արժանանայ Սուրբ Կոյսը մեր սովորական պատասխանն այս է. որովհետեւ Աստուծոյ Մայրն է, Անարատ յղացեալ է: Եթէ այսպէս ըլլար մենք պիտի չկարենայինք իրեն նմանիլ, իր չքնաղ առաքինութիւնները ընդօրինակել: Անտարակոյս Աստուծոյ Մայրն ըլլալը` բացառիկ եւ եզական առանձնաշնորհում մըն է, զոր Աստուած իր անսահման իմաստութեամբը եւ նախախնամութեամբը ըրաւ Մարիամու, սակայն ինչո՞ւ Աստուծոյ Մայրն եղաւ հարցնելու ըլլանք` մեծահանճառ Ս. Օգոստինոս կը պատասխանէ . « Տէրը փառաւորեց զինքը ոչ թէ անոր համար որ մարմինը մարմին ծնաւ, այլ որովհետեւ Երկնաւոր Հօր կամքը կատարեց»: Ահա Աստուածամօր մեծութեան, փառքին բուն պատճառը, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ գտնուեցաւ Աստուածային շնորհքին, ներշնչումին: Կեանքի ամէն պատահարներուն առջեւ կրկնեց միշտ իր «եղիցին»: Երկրի վրայ ոչ ոք այնքան վիշտ կրեց որքան ինքը անլուր մարտիրոսութեան ենթարկուելով: Այս պատճառով է որ Եկեղեցին զինքը կը կոչէ «Թագուհի մարտիրոսաց»:
կը պատմուի թէ, օր մը երբ Ս. Ալֆոնս Ռոտրիկէզ կ՛աղօթէր Տիրամօր պատկերին առջեւ բացագանչեց ըսելով. «Իմ ամենասիրելի Մայրս, գիտեմ, որ դուն զիս կը սիրես, բայց Դուն զիս այնքան չես սիրեր, որքան ես քեզ կը սիրեմ»: Կարծես իր սիրոյն մէջ վիրաւորուած` սրբապատկերէն պատասխանեց Տիրամայրը. «Ի՞նչ կ՛ըսէս, Ալֆոնս, քեզի հանդէպ իմ սէրս անբացատրելիօրէն աւելի մեծ է քան որեւէ սէր, զոր դուն կրնայիր ունենալ ինծի նկատմամբ: Երկինքին եւ երկրին միջեւ եղած անջրպետը նուազ հեռու է, քան քու սէրդ իմ սէրէս եւ գորովէս»:
Այս պատասխանը Աստուածամօր մեծ ապացոյց է թէ մեր Մայրը Մարիամ որքան անհուն սէր ունի մեզմէ իւրաքանչիւրիս հանդէպ: Մեզ կը սիրէ իր Որդւոյն պէս: Անոր սիրտը լեցուն է գթութեամբ նկատմամբ մեղաւորներուն, եւ միշտ պատրաստ է օգնութեան, նոյնիսկ եթէ շատ անգամ չենք դիմեր իրեն, որովհետեւ Մարիամ Մայրն է ողորմութեան:
Փոխեալ Տիրամայրը ամենակարող խնդրարկուն է. ամէնքս տարեց, երիտասարդ, մանուկ, հայրեր, մայրեր, որդեակներ, մեղաւորներ, աղքատներ, հարուստներ, հիւանդներ, առողջներ, դիմենք անոր. հզօր է իր բարեխօսութիւնը Յիսուսի մօտ: Յիսուս ոչինչ մերժեց իր մօր, երբ ան երկրի վրայ էր: Ոչինչ պիտի մերժէ երկնքի մէջ, եթէ խոնարհ եւ մաքուր սրտով, մտքով, խօսքով եւ ընթացքով դիմենք անոր:
Թագուհի յերկինս փոխեալ` աղօթեա վասն մեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.