2014-08-16 14:21:04

Կարտինալ Ֆիլոնիի տեղեկութիւնները Իրաքեան առաքելութեան մասին։


Ուրբաթ, 15 օգոստոսին, Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքը պաշտպանելու եւ թիկունք կանգնելու, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ նշանակուած եւ հոն ուղղարկուած յատուկ պատուիրակ Կարտինալ Ֆիլոնի` Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանեցեց իր Իրաքի ժողովուրդին ի սպաս գործունէութեան մասին ։
Կարտինալ Ֆիլոնի, յայտնեց, թէ 15 օգոստոսին, Լալիշ քաղաքին մէջ հանդիպած է Եազիտի հասարակութեան հոգեւոր պետերուն հետ եւ անոնց փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ուղղարկուած 25000 ամերիկեան տոլար, որպէս նիւթական անմիջական օժանդակութիւն։
Կարտինալ Ֆիլոնին ապա մատնանշեց Իրաքի քրիստոնեաներուն պաղատանքին Ֆրանչիկոս Պապի եւ Միջազգային հասրակութեան հասցէին՝ վերջ դնելու անմեղ բնակչութեան դէմ գործուած ջարդին։
Կարտինալը, ապա հաղորդեց թէ այցելած է նաեւ Ամատիա շրջանին մէջ ապաստան գտած քրիստոնեաները ինչպէս նաեւ`Տուհոգիի Մայր տաճարին մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներուն, համապատարագ մատուցած է, Քաղտէացիներու Պատրիարիքն եւ Իրաքի մօտ Պապական նուիրակին հետ միասին։
Կարիտնալ Ֆիլոնի, շաբաթ 16 օգոստոսին կ՝այցելէ Զախօ եւ Մանկէսի մէջ գտնուող գաղթականները, ու կը հանդիպի Տուհոգի շրջանի կառավարիչին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.