2014-08-15 07:24:34

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի թուիթները յատկացուած երիտասարդներուն։


''Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, աղօթէ մեզի համար ու յատկապէս մեր երիտասարդներուն համար'', գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, 14 օգոստոսին հրատարակած թուիթի մը մէջ, նուիրուած երիտասարդներուն, Ասիայի երիտասարդութեան ցամաքային 6-րդ հաւաքին առթիւ։

Իսկ ուրբաթ, 15 օգոստոսին, Ասիայի երիտասարդներուն հետ ունեցած ճաշէն ետք, իր թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց թուիթ մը, որուն միջոցաւ զգուշացուց զանոնք աշխարհի անցողական հրապոյրներէն։
Ֆրանչիկսոս Պապը գրեց` ''Սիրելի երիտասարդներ. Քրիստոս կոչ կ՝ուղղէ ձեզի զգոյշ եւ արթուն ըլլալու՝ ճանչնալու համար այն ինչ որ իսկապէս կարեւոր է ձեր կեանքին մէջ'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.