2014-08-15 07:55:20

''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուրախ է իրեն վերապահուած ջերմ հիւրընկալութեան համար'' յայտարարած է Վատիկանի բանբեր` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։


Սէուլի մէջ, մամուին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, Վատիկանի բանբերը ըսաւ. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուրախ է իրեն վերապահուած ջերմ հիւրընկալութեան համար, Սէուլի պետութեան ու ժողովուրդի կողմէ։ Նախագահը ուզած է անձամբ Քահանայապետը ընդունիլ օդակայանին մէջ, հակառակ որ պաշտօնական արարողութիւնը այդ չէր նախատեսեր։ Սրբազան Պապը մեծապէս գնահատեց նախագահին այս ժէստը։
Սրբազան Հայրը դիմաւորեցին ոչ միայն դիւանագիտական ու կրօնական մարդիկ այլեւ բազմաթիւ կաթողիկէ հաւատացեալներ, որոնց կարգին նահատակներու պարագաները։ Ասոնց ներկայութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Քահանայապետին։ Նման նախաձեռնութիւն, ըսաւ հայր Լոմպարտի, այն տպաւորութիւնը կը թողու որ Քորէայի կաթողիկէ եկեղեցին ``ընտանիք`` մըն է եւ նահատակները անբաժան մաս կը կազմեն Քորէայի եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին։ Ասիկա մեզի համար եղաւ յուզիչ եւ տպաւորիչ իրողութիւն մը։
Հայր Լոմպարտի անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետի եւ Սէուլի մէջ անցեալ ամիսներուն տեղի ունեցած նաւաբեկումի պատանի զոհերու ծնողներու ներկայութեան մասին օդակայանին մէջ, մատնանշելով թէ ''այս հանդիպումը յոյսի նշան է եւ կ`օգնէ հանրային կարծիքին չմոռնալ պատահած ողբերգութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.