2014-08-15 07:55:54

Քորէական մամուլին անդրադարձը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութեան մասին ։


''Արեւելեան Ասիայի օրաթերթը'' իր առաջին էջին վրայ խոշոր տառերով կը վերնագրէ. ''Աղքատներու պաշտպանը կը հասնի բաժնուած հողին վրայ''։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Քորէա այցելութեան 25 տարի վերջ, նոր Քահանայապետը մեր մէջ կը գտնուի։ Իր այցելութեան բնաբանն է ''Հաշտութեան լոյսը կը ցոլանայ համայն Քորէայի վրայ''։ Առաքելական այցելութեան կը մասնակցին 100 եպիսկոպոս, 100 հազար հաւատացեալ, 5000 կամաւոր, 2800 հաւատարմագրուած լրագրող, 30 հազար ոստիկան, 1700 հանրակարգեր եկած զանազան վայրերէն։

Այլ կարեւոր թերթ մը ''Եունկ Անկ Իլ Պօ'' իր առաջին էջին վրայ կ`անդրադառնայ բաժնուած երկու Քորէաներու մասին, սերունդներու ընդհարումի, ընկերային եւ քաղաքական բաժանումներու, յոյս յայտնելով որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր սատարը բերէ երկրի անլուծ հարցերուն։ Լրագրողը կ`ընդգծէ հարկաւորութիւնը որ Քորէացին պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը երկրին հարցերը լուծելու համար։ Օրաթերթը կը մատնանշէ որ Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան առաջնորդութիւնն է` հաղորդակցութիւն եւ հաշտութիւն երկու Քորէաներուն միջեւ։ Օրաթերթը խօսելէ ետք որ Եկեղեցին կ`ուզէ Աւետարանը տարածել Ասիայի բոլոր ժողովուրդներուն, լայն տեղ կու տայ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան յայտագրին, գլխաւոր տեղափոխութիւններուն եւ գործածելիք փոխադրութեան միջոցներուն` ինքնաթիռը (թոռանը) եւ համեստ ինքնաշարժները։

''Շոսուն'' Օրաթերթը կը վերնագրէ` ''երջանկութեան 100 ժամեր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ''։ Վատիկանի 2014 օրացոյցը կը յիշատակէ. Քորէան, Քորէան եւ դարձեալ Քորէան։ Օրաթերթը կը վերակոչէ. 12 Յունուար 2014-ին, առաջնորդ Եոմին կարտինալ նշանակումը, 7 Փետրուարին` լուրը 124 քորէացիներու երանացումին, 10 Մարտին` լուրը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա առաքելական ճամբորդութեան։

Տնտեսական օրաթերթերը եւս կ`անդրադառնան ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա առաքելական այցելութեան։ (Hank yung) կը վերանգրէ. “Թող խաղաղութիւն հաստատուի թերակղզիին վրայ” եւ “Կաղանդ Պապան Օգոստոսին Քորէա կը հասնի”։ (Mae Il Kyoun Jae) կը գրէ ֆրանչիսկոսը Քահանայապետ մըն է որ չի հրահանգեր այլ կը ծառայէ, անցեալին հետ խզող մը. Իր անունը` ֆրանչիսկոս, կ`ապրի Սանդա Մարթա պանդոկը, անմիջապէս այցելութիւն կը կատարէ բանտարկեալներուն, թափառաշրջիկներու հետ հանդիպում կ՛ունենայ իր տարեդարձին օրը...։
(HAN-I) օրաթերթը կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ մթնոլորտը յեղաշրջած է, թէ ընկերային եւ թէ կրօնական գետնի վրայ։ Մեր աղօթքն է որ Քահանայապետը կարողանայ միջամտութիւն կատարել լոկ ընկերային բնոյթ ունեցող հարցերու մէջ։
(Kiunghyan) օրաթերթը ''Hello Pap''a, բառերով կ`ողջունէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայութիւնը Քորէա։ Օրաթերթը կը յուսայ որ Սրբազան Քահանայապետը դատը պաշտպանէ տկարներուն, պետութեան մօտ, որ զանոնք կ`անտեսէ։ Օրաթերթը կ`արտագրէ Քահանայապետին բազմաթիւ մէջբերումները հայող աղքատներուն, խաղաղութեան, երիտասարդութեան, անկար երախաներուն, կիներուն ու եկեղեցւոյ բարենորոգումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.