2014-08-15 07:33:34

Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։


Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես¦ (Ղուկ. Ա.28)։

Աստուածածնին նուիրուած կարեւորագոյն տօնը կը նկատուի Աստուածամօր վերափոխման տօնը, զոր հայ եկեղեցին կը նշէ 15 Օգոստոսի մօտաւոր կիրակի օրը։ Նոյն օրը կը կատարուի նաեւ աւանդական խաղողօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը։
Ըստ աւանդութեան Սուրբ Կոյսը Յիսուսի յարութենէն մօտաւորապէս 15 տարիներ յետոյ կը մահանայ Երուսաղէմի մէջ։ Առաքեալները Սրբուհիին մարմինը կ՚ամփոփեն գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, ուր հրեշտակները երեք օր շարունակ կ՚երգեն Տիրամօր գերեզմանին վրայ։ Բարթողոմէոս Առաքեալը, որ ներկայ գտնուած չէր Աստուածամօր թաղման, կը փափաքի գոնէ վերջին անգամ տեսնել զայն։ Առաքեալները ընդառաջելով առաքելակից իրենց եղբօր այս փափաքին կը բանան գերեզմանը եւ կը գտնեն զայն թափուր, որմէ կը հետեւցնեն անոր երկինք վերափոխումը։ Ուստի այս իսկ պատճառով Աստուածամօր
երկրաւոր կեանքի վախճանը կ՚որակուի ննջում բառով։
Ո՞վ էր Սուրբ Կոյս Մարիամ։ Պատասխանը պարզ է, ան Աստուածամայրն է, Աւետարանիչին բառերով այն կինը, որուն վրայ առատօրէն իջան Աստուծոյ շնորհները։ Այս պատճառով Սուրբ Կոյսը եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանայ առաջին այն սուրբը, որ կ՚ընտրուի Աստուծոյ կողմէ, դառնալու համար այն օրհնեալ կինը, որ Ամենասուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ կը ծնի Աստուածորդին՝ Յիսուս մանուկը, ամբողջ աշխարհի Փրկիչը։ Ո՞վ էր Մարիամ։ Մարիամը այն հաւատաւոր կինն էր, որ իր մաքուր կեանքով ու Աստուծոյ երկիւղով լիուլի կը կատարէր մայրական իր պարտականութիւնները՝ միշտ հնազանդ ըլլալով
Տիրոջ կանչին։
Աստուածածնի տօնին, եկեղեցին ոչ միայն կ՚ոգեկոչէ անոր խնկելի յիշատակը, այլ նաեւ մասնաւոր ձեւով շեշտը կը դնէ Մարիամի մայրական կերպարին վրայ։ Իսկապէս ան, բառին լման առումով եղաւ աննման ծնող մը, որ միշտ ներկայ գտնուեցաւ Յիսուսի կողքին, աջակից ըլլալով Անոր լռութեամբ եւ իր բարոյական ներկայութեամբ։ Իսկապէս Սուրբ Կոյսը ինչ մեծ հաւատքով Աստուծոյ ընծայաբերելու համար Յիսուս մանուկը տաճար կը տանի։ Աստուածամայրը Յիսուսի անձին նկատմամբ այս խնամքը կը շարունակէ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Յիսուս կը ձեռնարկէ Աստուծոյ խօսքը տարածելու Իր
առաքելութեան։ Օրինակ, Կանայի հարսանիքի ժամանակ կը յիշեցնէ իր որդիին, որ գինին սպառած է։ Ան կը դառնայ սպասաւորներուն ու Յիսուսը ցոյց տալով անոնց կ՚ըսէ §ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք¦ (Յովհ. Բ.5)։
Եկեղեցին կը շարունակէ տօնախմբել Տիրամօր նուիրուած տօները, որովհետեւ ան մեզի կը ներկայանայ որպէս անսպառ ներշնչումի աղբիւր մեր հաւատքին։ Այո, եթէ մենք բացարձակ վստահութիւն եւ հաւատք ցոյց տանք Աստուծոյ հանդէպ եւ թողունք որ Ան գործէ Իր կամքին համաձայն, այն ատեն Տէրը մեր անձերուն միջոցաւ ի վիճակի պիտի ըլլայ արձանագրելու հսկայական իրագործումներ եւ յաջողութիւններ։ Սուրբ Կոյսը ասոր լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ, որ եղաւ այն պատուհանը՝ որմէ մեր խաւար աշխարհը թափանցեց Աստուածային լոյսը։ Աստուածամայրը նմանեցաւ օրհնեալ ու պարարտ
հողի մը, որ իր արգանդը բացաւ մարդկութեան Փրկիչ մը եւ խաղաղութեան ու սիրոյ իշխան մը տալու համար։ Ան արժանի է բոլոր ժամնակներու եւ ամբողջ մարդկութեան փառաբանութեան ու յարգանքին, որովհետեւ անոր մեծութիւնը կը կայանայ անոր խոնարհ սրտին եւ համեստ անձին մէջ երբ ան հրեշտակին կ՚ըսէր §Ահա ես Տիրոջ աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի¦ (Ղուկ. Ա.38)։
Վերափոխման այս սուրբ տօնին, մինչ շնորհազարդ Սուրբ Կոյսին երկրաւոր ու փառաւորեալ մարմինը կը փոխադրուի երկինք, ան տակաւին աղօթքներով ու բարեխօսութիւններով կը շարունակէ օգնել իր Որդւոյն հիմնած եկեղեցւոյ բոլո՜ր անդամներուն։
Թող օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Սուրբ Կոյսի։ Աստուածածնի վերափոխման այս տօնը հոգեւոր վերածնունդի հրաւէր մըն է ուղղուած բոլորիս եւ առաւելաբար բոլոր մայրերուն, որպէսզի Աստուածամայրը ըլլայ մեր կեանքի ճշմարիտ օրինակը։ Ամէն։
Զաքէոս Ծ.Վրդ. Օհանեան







All the contents on this site are copyrighted ©.