2014-08-14 08:11:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանաապետը հասաւ Քորէա


Հինգշաբթի 14 օգոստոսի առաւօտեան, Սէուլի տեղական ժամով` 10,30-ին (Հռոմի ժամով 03,45-ին - 7 ժամ տարբերութիւն կայ Սէուլի եւ Հռոմի միջեւ) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 11 ժամ 30 վայրկեան տեւած երկար ճամբորդութենէ մը ետք, հասաւ Սէուլի միջազգային օդակայան։Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն մեկնած էր 13 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին։

Սէուլի օդակայանին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դիմաւորեցին Սէուլի նախագահ` Տիկ Փարք Կէուն Հիէ, եւ քաղաքական ու Եկեղեցական պատկան իշխանութեան պատուիրակութիւնները։ Օդակայանի պատւոյ սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը հակիրճ հանդիպում մը ունեցաւ Երկրի նախագահին հետ ու ապա ուղղուեցաւ Սէուլի Առաքելական Նուիրակութիւն, ուր ժամը 12-ին մատույց սուրբ պատարագը։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճանապարհորդութեան վայր` Սէուլ ժամանելուն թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը. ''Աստուած օրհնէ Քորէան, յատկապէս անոր տարեցներն ու անոր երիտասարդները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.