2014-08-14 13:00:52

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 օգոստոսի թուիթը Իրաքի համար ։


Հինգշաբթի, 14 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մինչ կը գտնուի Քորէա` հովուական այցելութեամբ, կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակին, եւ իր թուիթերեան կայքին միջոցաւ պատգամներ կը յղէ աշխարհի մէջ տարածուած բոլոր քրիստոնեաներուն` զօրաւիգ կանգնելու եւ աղօթելու մեր Իրաքի քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Նորին Սրբութիւնը 14 օգոստոսին հրատարակած թուիթին մէջ գրեց.

՝՝Մարիամ՝ Թագուհի խաղաղութեան, օգնէ մեզի արմատախիլ ընելու ատելութիւնը եւ ապրելու համերաշխութեամբ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.