2014-08-14 11:31:57

Քորէայի եպիսկոպոսաց համահաւագ դասի նախագահին ողջոյնի խօսքը
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


Ուրբաթ, 14 օգոստոսին, Քորէայի ժամով յետմիջօրէին ժամը 5.30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Քորէայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն։
Այս առթիւ, Քորէայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Փիթէր Քանկ Ու-իլ, Ֆրանչիսկոս Պապի իր ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին, Քորէա հովուական այցելութեան համար ու ապա ակնարկեց Քորէայի ժողովուրդի անցեալի մէջ ապրած տառապանքներուն ըսելով`. ՝՝Քորէայի թերակղզիի մէջ գտնուող հարաւային եւ հիսիսային երկու ազգերու միջեւ գոյատեւած բաժանումէն անցան 66 տարիներ, ուր տիրեց արիւնահեղ պատերազմներ՝ պատճառելով մէկ ու կէս միլիոն մեռեալներ եւ աւելի քան երեք միլիոն եւ վեց հարիւր հազար վիրաւորներ։
Արդարեւ, ըսաւ գերապայծառ Քանկ Ու-իլ, մի քանի տարիներէ ի վեր ազգերու միջեւ բախումները դադրեցան, սակայն՝ երկու Քորէայի երկիրները միշտ զինուած կացութեան մէջ կը գտնուին, պատրաստ որեւէ ժամանակ դարձեալ պատերազմ մղելու։
Եպիսկոպոսաց համահաւք դասի նախագահը ապա ընդգծեց, թէ Քորէացի աւելի քան 10 միլիոն անձեր, բաժնուած կ՝ապրին իրենց ընտանիքներէն, որոնք կը բնակին Քորէայի միւս կողմը։
Գերապայծառ Փիթէր Քանկ Ու-իլ, խօսքին աւարտին ըսաւ. ''Քորէայի մէջ կ՝արձանագրուի երկու մշակոյթներու տարբերակներ։ Նոնինսկ, եթէ երկու երկիրներու միջեւ իրականացնենք միութիւնը, հարց կու տանք եթէ պիտի կարողանանք ընդունիլ եւ ողջագուրել Հիւսիսային Քորէացիները, զանոնք համարելով որպէս մեր եղբայրները''։
Այս առընչութեամբ կարիքը ունինք ձեր քաջալերանքին եւ մխիթարութեան, քան մեր գործերու նկատմամբ գնահատանքին եւ գովասանքին։ եզրափակեց գերապայծառ Փիթէր Քանկ Ու-իլ







All the contents on this site are copyrighted ©.