2014-08-14 08:08:52

Դէպի Քորէա թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները։


Չորեքշաբթի, 13 օգոստոսի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Քորէա։
Թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հակիրճ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց իրեն ընկերացող լրագրողներուն, վերյիշելով եւ աղօթելով Իտալացի լրագրող Սիմոնէ Քամիլլիին հոգւոյն հանգստեան, որ երէկ Կազզայի մէջ մահացաւ ռումբի մը պայթումի պատճառաւ։
''Աղօթենք լրութեամբ Սիմոնէ Քամիլլիին համար, ձեզմէ մէկը, որ կեանքը զոհեց աշխատանքի ընթացքին....Ասոնք պատերազմի հետեւանքներն են'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց տածած ծառայութեան համար, մատնանշելով թէ առաքելական ճամբորդութիւնը բաւական դժուարին է եւ թէ ամառնային եղանակն ալ չ՛օգնէր գործը հանգստօրէն կատարելու։ ։
''Շնորհակալ եմ ու ձեր խօսքը միշտ օգտակար ըլլայ մեզ միացնելու աշխարհին'', ըսաւ Քահանայապետը յանձնարարելով որ խաղաղութեան պատգամը փոխանցեն միշտ. ''Ջանացէք միշտ խաղաղութեան ի նպաստ խօսք մը ըսել։ Շնորհակալ եմ ձեր ընկերակացութեան ու ձեր աշխատանքին համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.