2014-08-13 09:22:40

Օպամա Իրաքի նոր վարչապետի մը առաջադրումը «յառաջընթաց» կը նկատէ:


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Իրաք նոր վարչապետ մը նշանակելով «դէպի յառաջ խոստմնալից քայլ» մը առած է, եւ խոստացաւ իրաքեան նոր կառավարութեան նկատմամբ աջակցութիւնը աւելցնել:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ անցեալ շաբաթ ընթացք առած օդային հարուածներէն ետք, Իրաք կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ետ մղելու հարցին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց արագացնելու կազմութիւնը բոլորը ներառող կառավարութեան մը` հոգալու համար բոլոր իրաքցիներուն կարիքները:
«Իրաք այսօր այս կենսական ջանքին մէջ դէպի յառաջ խոստմնալից քայլ մը առաւ», նշեց Օպամա:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին Իրաքի նոր նշանակուած վարչապետին կոչ ուղղեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու: Ան նաեւ նշեց, որ իր երկիրը դարձեալ ուժեր պիտի չուղարկէ Իրաք:
Միւս կողմէ, Փենթակոն յայտարարեց, որ անցեալ շաբթուընէ ի վեր ամերիկեան օդուժին կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ ուղղուած հարուածները դանդաղեցուցած են Իսլամական պետութեան դէպի Էրպիլ նահանգ յառաջխաղացքի կշռոյթը եւ զայն ժամանակաւորապէս խանգարած, սակայն անհաւանական է, որ խմբաւորումը տկարացուցած ըլլայ:
Փենթակոն յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ Իրաքի տարածքին յաւելեալ հողամասեր գրաւելու նպատակը հետապնդել եւ պիտի շարունակէ իրաքեան ու քրտական ապահովական ուժերուն եւ անոնց դիրքերուն, ինչպէս նաեւ եզիտիներու, քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ յարձակումները:
«Մայատին» երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան օդուժը հարուածած է Մուսուլի հիւսիսը գտնուող Ուսքոֆ գիւղը եւ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ պատճառած 15 զոհ:
Նշենք, որ Հայտար Ապատիի վարչապետ նշանակումը ողջունեցին նաեւ Սէուտական Արաբիան, Իրանն ու Արաբական լիկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.