2014-08-13 10:31:05

Վատիկանը կը հարցադրէ իսլամ պատասխանատուները իսլամական պետութեան բարբարոսութեան մասին։


Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը, 12 Օգոստոսին, հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը հաստատէ որ իսլամ պատասխանատուներու կողմէ յանուն կրօնի գործադրուած ոճիրներու դատապարտութեան բացակայութիւնը ոչ հաւատալի կը դարձնէ միջկրօնական երկխօսութիւնը։
Քրիստոնեաներու, Եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու կրած հարստահարումը Իրաքին մէջ կը պահանջէ բացայայտ եւ արի դիրքորոշում մը պատասխանատու կրօններու կողմէ եւ յատկապէս այն մահմետականներու կողմէ որոնք կը մասնակցին միջկրօնական երկխօսութեան։ Ոչ մէկ պատճար կարող է արդարացնել նման տմարդի եւ անողորմ բարբարոսութիւն մը եւ վստահաբար ոչ մէկ կրօնք կարող է նման քստմնելի վարմունք մը արդարացնել։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը իր հաղորդագիրը կ'եզրափակէ մէջբերելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքը. ''Թող խաղաղութեան Աստուածը բոլորին մօտ յարուցանէ ճշմարիտ եւ հարազատ իղձը երկխօսութեան ու հաշտութեան։ Բռնութիւնը բռնութեամբ չի յաղթահարուիլ։ Խաղաղութեամբ կարելի է յաղթանակ տանիլ բռնութեան վրայ''։

Անկլիգան համայնքի գահերէցը Ժասթէն Ուելպի իր կարգին խստիւ դատապարտելով իսլամական պետութեան բարբարոսութիւնը ըսաւ. ''ինչ որ կը պատահի Իրաքին մէջ բախում մը չէ կրօններու միջեւ։ Վստահ եմ որ իսլամներու մեծամասնութիւնը հաշտ աչքով չի դիտեր Իրաքի անցուդարձը։ Արդարեւ Փարիզի Մեծ մզկիթի կրօնապետը` Տալիլ Պուպաքըր խստիւ կը դատապարտէ ժիհատիստները, որակելով զանոնք որպէս կրօնամոլներ եւ մարդկային կեանքը արհամարողներ, պահանջելով Միջազգային հասարակութեան անյապաղ միջամտութիւնը։
ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասը եւս իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Իրաքի հալածուած քրիստոնեաներուն ու փոքրամասնութիւններուն հրաւիրելով ֆրանսացիները իրենց սատարը բերելու շրջանի հարստահարեալներուն, մատնանշելով որ ծայրայեղ մահմետականները լաւ զինուած են, ահ ու սարսափը կը տիրէ, անոնք կը բռնաբարեն կիները եւ կը թալանեն տուները։
Եպիսկոպոսները կը պահանջեն վերջ դնել բռնութիւններուն ու խաղաղութեան վերահաստատումը Իրաք, Սուրիա եւ Ս. Երկիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.