2014-08-13 09:27:11

Պուտտայականները ուրախութիւն կը յայտնեն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետո Քորէա այցելութեան համար։


Պուտտայական կրօնաւորները, ի լուր ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա այցելութեան, իրենց ցնծութիւնը յայտնած են ։
''Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ պիտի սատարէ քորէական ընկերութեան երկխօսութեան ու խաղաղութեան։ Մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում է բարի գալուստ մաղթել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Մենք պուտտայականներս խորապէս համոզուած ենք որ Սրբազան Քահանայապետին մեր մէջ ներկայութեամբ, երկխօսութիւնը աւելի նշանակալից պիտի ըլլայ եւ պիտի սատարէ բաժնուած թերակղզիին անդորրութեան ու ներդաշնակութեան։

''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը'' կը գրէ պուտայական Jogye կարգի նախագահը Jaseung քորէական ''The Korea Times'' օրաթերթին մէջ, իր առաքելութեամբ կը մխիթարէ աղքատներն ու լուսանցքայինները եւ անոնց կը ներշնչէ յոյս եւ քաջութիւն։ Յոյսով եմ որ իր ներկայութիւնը մեր մէջ քորէացիներուն պիտի սորվեցնէ սէր ու գութութիւն ունենալ մերձաւորին հանդէպ։ Քորէան բազմակրօնական ընկերութիւն մըն է եւ կ'աշխատինք իրարու հետ համագործակցիլ երկրի խաղաղութեան համար։ Մեր մաղթանքն է որ Սրբազան Քահանայապետին այցելլութիւնը առիթ մը ըլլայ միասնաբար աղօթելու համայն մարդոց փրկութեան ու երջանկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.