2014-08-13 09:15:45

Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիայի ցամաքամասի երիտասարդութեան օրը։


''Ասիայի ցամաքամասային երիտասարդաց օրերու ծագումը''։

10 – 17 օգոստոս 2014, Հարաւային Քորէայի Տայժոն քաղաքի մէջ, կը նշուի Ասիայի ցամաքամասի երիտասարդութեան 6-րդ օրը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Քորէա (13 -18 օգոստոս)։

Ասիայի երիտասարդական հաւաքի օրերը ծնունդ առած են 90ական թուականին ներշնչուելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի նախաձեռնած երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքներէն։
Արդարեւ` երբ 1991ին, Ասիական 30 երկիրներու ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Չէսթոքովայի մէջ կայացած երիտասարդութեան համաշխարային օրուան, ծրագրեցին այդ փորձառութիւնը փոխադրել նաեւ իրենց ցամաքամասը, աշխուժացնելու նպատակով երիտասարդներու հովութիւնը։
Ծրագիրը ի գործ դրուցեաւ 1993-ին եւ 1994-ին Ասիայի եպիսկոպոսաց դաշնակցութեան համահաւաք դասը, Աշխարհականներու եւ Ընտանիքի գրասենեակի հովանաւորութեան յանձնեց` Երիտասարդներուն մասնճիւղը, որպէսզի յատուկէն զբաղի երիտասարդներու հովութեամբ, կազմակերպելով երիտասարդներու հաւաքները, ըլլայ տեղական ըլլայ միջազգային գետնի վրայ։

Ասիական երիտասարդաց առաջին ցամաքային հաւաքը գումարուեցաւ 1999ին Թայլատիայի մէջ ( Հուա Հին) որպէս նպատակ ունենալով` երիտասարդներուն առիթ տալ հանդիպելու Աստուծոյ եւ Աւետարանին, ու միասին գործելու խաղաղութեան եւ արդարութեան ի նպաստ։ Առաջին հաւաքի նիւթը եղաւ ՝՝Ասիայի երիտասարդութիւնը Յիսուսի հետ ճանապարհորդութեան մէջ, դէպի նոր հազարամեայ՝՝։
Յաջորդ հաւաքները տեղի ունեցան, 2001 ին` Թայուանի մէջ (Թայփէյ), 2003 ին` Հնդկաստան (Պանկալոր), 2006-ին` Հոնք Քոնկ եւ 2009-ին` Մանիլա որուն նշանաբանն էր ''Ասիայի երիտասարդները տօնի մէջ. Շնորհքի նոր եղանակ'', եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ասիական 22 երկիրներէ ժամանած երկու հազար երիտասարդներ։
Ասիայի 6-րդ հաւաքը նախատեսուած էր 2011ին, սակայն Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան պատճառաւ, հաւաքը յետաձգուցեաւ։

Ասիայի երիտասարդութեան ցամաքամասային 6-րդ օրուան նշանաբանն է ''Ասիայի երիտասարդութիւն զարթիր. նահատակներու փառքը կու վրադ կը շողայ''։
Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ 13 օգոստոսին եւ կ՛եզրափակուի 17 օգոստոսին եւ տեղի կ՛ունենայ Հարաւային Քորէայի Տայժոն քաղաքին մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի ժամանէ 15 օգոստոսին։
Վեցերորդ հաւաքի հինգ օրերը պիտի ունենան զանազան առօրեայ խորհրդածութեան նիւթեր եւ վերջին օրուայ եզրափակիչ նիւթը պիտի ըլլայ ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։
Ասիայի երիտասարդներու ցամաքամասային հաւաքի եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ''Հայեմի'' աշտարակի տարածքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.