2014-08-13 09:30:31

Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանի վրայ զինադադարի խախտումները նուազած են. ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն


Անցնող երկու օրերուն հայ – ատրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ կրկին արձանագրուած են ատրպէյճանական կողմէ զինադադարի խախտման դէպքեր։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, զինադադարի խախտումներու պարբերականութեան նուազումը շարունակուած է: 11-12Օօգոստոսին ատրպէյճանական կողմէն տարբեր տեսակի հրացաններէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է անկանոն բնոյթի աւելի քան 100 կրակոց, հայկական կողմէն պատասխան կրակ չէ բացուած: Հայկական կողմը տուժածներ չունի:
Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն վստաhօրէն վերահսկել իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն հետեւիլ զինադադարի պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող միտումնաւոր խախտումներու պարագային:








All the contents on this site are copyrighted ©.