2014-08-12 08:48:57

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա Հովուական այցելութեան առթիւ աղօթք։


Ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէայ կատարելիք Հովուական այցելութեան, 13 – 18 օգոստոս 2014, Կաթողիկէ եկեղեցին, Ֆրանչիկսոս Պապի պատկերը կրող ու աղօթք մը պարունակող, թղթիկ մը հրատարակած ու բաշխած է հաւատացեալներուն։
Աղօթքին մէջ կը կարդանք.

Ով Հայր Աստուած, Դուն որ Սէր ես,
շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի , Քորէայի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաստատումին համար, միայն շնորհքիդ միջոցաւ եւ առանց միսիոնարներու օժանդակութեան։
Մեր Եկեղեցին կը պատուուի շնորհիւ մարտիրոսներու երանացումին, որուն արարողութիւնը պիտի կատարէ Ֆրանչիկսոս Պապը Քորէայի Հուվուական իր այցելութեան ընթացքին։
Շնորհակալ ենք Քեզի, նաեւ` Ասիայի մէջ ընծայելու նոր Աւետարանացումի հնարաւորութիւնը, Ասիայի երիտասարդներու օրուան հաւաքի առթիւ, որուն կանչուած են մասնակցելու՝ ցամաքամասի երկիրներէն ժամանած բազմաթիւ երիտասարդներ ։
Օգնէ մեզի, որպէսզի մարտիրոսներու օրինակին հետեւելով, կարենանք վերանորոգել մեր հաւատքը եւ մեր եկեղեցին եւ ասոնց միջոցաւ աւետարանել մեր ընկերութիւնը։
Օգնէ մեզի որպէսզի ըլլանք հասարակութիւն մը, որ գիտէ ընկերանալ տառապողներուն, աղքատներուն, եւ անտեսուածներուն, ինչպէս նաեւ գիտէ բոլոր մարդոց փոխանցել հաւատքին ճրագը եւ գիտէ զարգացնել սիրոյ, խաղաղութեան եւ կեանքի մշակոյթը։
Կ՝աղօթենք, որպէզի մեր ժողովուրդը հաշտուի Աւետարանին միջոցաւ եւ կղզեախումբին մէջ իրականացնէ խաղաղութիւնն ու միութիւնը ։
Վերոյիշեալ միջոցներով այնպէս ըրէ, որ Աւետարանը հռչակենք բոլոր Ասիոյ ժողովուրդներուն, եւ քու լոյսդ ու փառքդ լուսաւորեն բոլոր աշխարհը։
Ի Քրիստոս մեր Տէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.