2014-08-12 09:04:16

Քորէայի մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գնահատուած է իր պարզութեան պատճառաւ կը յայտնէ Քորէացի կրօնաւորուհի մը։


Չորեքշաբթի, 13 Օգոստոս 2014-ին, սկիզբ կ'առնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Հարաւային Քորէա` առաջինը Ասիայի ցամաքամասին։
''Այս ճամբորդութեամբ Սրբազան Քահանայապետը կ'ուզէ հանդիպիլ Ասիայի երիտասարդութեան` զանոնք հրաւիրելու աւելի յանձնառումով աշխատելու Տիրոջ այգիին պայծառութեան համար'' յայտարարած է Սալեզեան միաբանութեան անդամ կրօնաւորուհի Աուզիլիա Չանկ` նախագահը դաստիարակութեան գիտութեանց քահանայապետական մասնաճիւղին։
Գտնուելով գաղափարախօսութեան հետեւանքով բաժնուած երկրի մը մէջ, Սրբազան Հօր ներկայութիւնն իսկ կը դառնայ հաշտութեան ու միութեան վկայութիւն Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ։
''Քորէայի մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, գնահատուած է ոչ միայն քրիստոնեաներէն այլ եւ համայն բնակիչներէն, իր պարզութեան համար։ Ան առանց խտրականութեան բոլորը կը սիրէ որպէս եղբայրներ եւ խտրականութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, աւետարանութեան նոր ուղղութիւն մը եւ սլացք մը տալով։ Անոր այցելութիւնը Ծայրագոյն Արեւելքի ապացոյց մըն է իր սիրոյն ու մօտիկութեան հանդէպ հեռաւորներուն''։ Ըսած է կրօնաւորուհի Չանկը







All the contents on this site are copyrighted ©.