2014-08-12 12:35:46

Իրաքի մօտ առաքելական դեսպանին գնահատումով Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը կը ցոլացնէ Արեւմուտքի քաղաքականութեան ձախողութիւնը։


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը բաղձար Իրաք մեկնիլ եւ հալածուած քրիսոնեաներուն մօտ գտնուիլ''։
Իրաքի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ճորճիօ Լինկուա Ռատիովատիկանի հետ ելոյթ ունենալով հաստատեց որ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ ծայրայեղ մահմետականներու կատարած նուաճումները կը պատկերացնեն Արեւմուտքի քաղաքականութեան ձախողութիւնը։
Ահաբեկիչ մահմետականներու յառաջդիմութեան ի տես, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ի նշան զօրակցութեան Իրաքի քրիստոնեաներուն, որոշեց իր մէկ պատուիրակը Իրաք ուղարկել, յանձին կարտինալ ֆիլոնիի, կառավարիչը հաւատոյ տարածամն ժողովի ու Իրաքի մօտ երբեմնի դեսպան։
Կարտինալ ֆիլոնի Վատիկանի հեռուստատեսիլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը բաղձար Իրաք մեկնիլ եւ հալածուած քրիստոնեաներու մօտ գտնուիլ։Կարտինալը մատնանշեց որ Իրաքի մէջ դարերէ ի վեր ապրող զանազան համայնքները` ըլլան փոքրաթիւ թէ մեծաթիւ, համերաշխութեամբ իրարու հետ կ'ապրէին, այսօր ցաւալի է որ այս հարստութիւնը կորսուած է։ Կարտինալը հուսկ Իրաքի քրիստոնեաներուն ուղղած կոչին մէջ ըսաւ. ''ընդհանրական Եկեղեցին ձեզի հետ է եւ ձեզ բնաւ չի թողուր, կարեւոր է վստահութիւն ունենալ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.