2014-08-12 10:19:13

Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։


Անցեալ չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, Վատիկանի Պօղոս Զ-րդ անուան սրահին մէջ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Բերիոյ` Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, հակիրճ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, անոր փոխանցելով ''Սուրիացի քրիստոնեաներուն ցաւերն ու յոյսերը''։
Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ Միրաթեանին յայտնեց թէ ինք մօտէ կը հետեւի հարցին եւ տեղեակ է իրավիճակէն ինչպէս նաեւ թէ այս առընչութեամբ, մօտ օրէն, հանդիպում պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի առաքելական նուիրակներուն հետ անոնց հետ քննարկելու ճգնաժամային եղելութիւնները։
Վերոյիշեալ հանդիպումի մասին արտայայտուելով, գերապայծառ Միրիաթեան հետեւեալ տեղեկութիւնները փոխանցեց Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութեան։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.