2014-08-11 11:40:46

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Թեհրանի օդանաւային արկածի զոհերուն։


Ի լուր Թեհրանի մէջ օդանաւային կոտորածային արկածին, որուն պատճառաւ 38 անձեր մահացան, Վատիկանի Պետական քարտուղար` Փիէթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անունով ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է Իսֆահանի Արքեպիսկոպոս եւ Իրանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Ինիացիօ Պետինիին, որուն մէջ յայտնած է Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցութիւնները զոհերու պարագաներուն ինչպէս նաեւ Անոր աղօթքները զոհերու հոգւոյն հանգստեան համար։ Սրբազան Հայրը ապա բոլոր անոնց որ կ՛ողբան զոհերու կորուստը հայցած է Աստուածային, ույժի սփոփանքի եւ անդորրութեան օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.