2014-08-11 11:58:17

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեզ արժանի դարձնենք Աստուծոյ սիրոյն եւ ուշադրութեան…


ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, «Յիսուս մեղաւորներուն հետ» եւ «Կորսուած ոչխարը» խորագրեալ երկու հատուածները կը պատմէ մեզի երրորդ աւետարանիչը` Ս. Ղուկաս (Ղկ. 15, 1-2 եւ 3-7):
Առաջինը դրուագ է Յիսուսի կեանքէն: Երկրորդը առակ է Քրիստոսի ուսուցումէն: Երկուքն ալ այժմէականութիւն ունեցող պատկերացումներ են, որոնք կեանքէն առնուած են կեանքին համար: Անոնց ընծայենք մեր հոգեմտաւոր ուշադրութիւնը:

Աղօթքով, խօսքով, գործով եւ հրաշքով Տէրը հմայած էր հասարակութիւնը, որմէ` «մաքսաւորներ ու մեղաւորներ մօտեցան Յիսուսին` Զինք ունկնդրելու համար»:

Մեր կեանքը կը գոյատեւէ Տիրոջ աղօթքով, խօսքով, գործով ու հրաշքով, եւ սակայն, կարծէք, այնքան ալ հմայուած չենք անոնցմէ` մեր անտարբերութեան ու գաղջութեան պատճառով, եւ կամ` մաքսաւոր ու մեղաւոր չըլլալու մեր ունեցած համոզումէն…

Ուշադրութի՛ւն: Ս. Ղուկաս, որ աւետարանիչն է յանցագործներուն եւ հեթանոսներուն, համարեա «ուրախութեամբ» կը յիշէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու մօտաւորութիւնը Յիսուսի հետ, որոնք կրցաւ խելքի ու դարձի բերել: Մանաւանդ գիտցաւ խանդաղատիլ անոնց, քանի Քարոզիչ-Վարդապետին իրենց հիացած մօտեցումով` իրենքզիրենք արժանի ըրին Աստուծոյ սիրոյն եւ ուշադրութեան:

Մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հանդէպ Յիսուսի խանդաղատալից ուշադրութիւնն ու գթազեղ սէրը կը նախադրեն անոնց հետաքրքրութիւնը, անոնց մօտեցումը դէպի Քրիստոսը:

Ստուգիւ, այս տեսակի մեղաւորներէն դուն, ան եւ ես` մենք կրնանք սորվիլ վստահութիւնը Յիսուս Քրիստոսի գործօն համարձակութեան ու հրաշագործ հոգեսիրութեան վրայ: Այսպէս զինուած` կրցաւ ծառանալ Զինք ու Իր մարդասիրական արարքները քննադատողներուն դիմաց. «Առողջ մարդերը պէտք չունին բժիշկին, այլ` հիւանդները: Ես չեմ եկած կանչելու արդարները, այլ` մեղաւորները, որպէսզի ապաշխարեն» (Ղկ. 5,31-32):

Ստուգիւ, այս տեսակի մեղաւորներէն դուն, ան եւ ես` մենք կրնանք սորվիլ յուսավառ ապաւինումը Յիսուս Քրիստոսի անյետսկոչելի խօսքերուն եւ անսուտ խոստումներուն. «Ես եկայ, որպէսզի մարդերը կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան (Յվհ. 10,10): Որովհետեւ Ես չեմ եկած դատելու աշխարհը, այլ` փրկելու աշխարհը» (Յվհ. 12,47):

Այսպէս սրտանց Յայտարարողէն դուն, ան եւ ես` մենք կրնանք սորվիլ ազնուութիւնն ու բարութիւնը հեռականերուն եւ լուսանցքաւորներուն հանդէպ` գործադրելով իր համայնասէր օրինակով պատմութեան անգերազանցելի Մարդկայնականին այս հրամայականը. «Զգուշացէ՛ք եւ մի՛ արհամարհէք մէկը այս փոքրիկներէն, որոնց հրեշտակները երկինքին մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հօրս դէմքը» (Մտթ. 18,10):

«Փարիսեցիներն ու դպիրները», սակայն, որոնք իրենքզիրենք «արդար» եւ «անմեղ» կը նկատէին, տրտնջեցին.«Այս Մարդը կ՛ընդունի մեղաւորները եւ կ՛ուտէ անոնց հետ»: Այո՛, Յիսուս, Աստուած եւ Մարդ, նստաւ ու կերաւ մաքսաւորներու եւ մեղա-ւորներու, «որովհետեւ, ինչպէս յայտարարեց Ան` գլխագիր ԱՆ, առողջ մարդերը չեն, որ պէտք ունին բժիշկին, այլ` հիւանդները: Եւ Ես եկայ կանչելու ո՛չ թէ արդարները, այլ` մեղաւորները» (Մտթ. 9,12-13):

Ստուգիւ, ես կը տենչամ ըլլալ բժշկուածներու եւ կանչուածներու խումբին մէջ: Դո՞ւն, քոյրս… Դո՞ւն, եղբայրս… – Երանի՜, եթէ կարենայի շահիլ ձեզ ա՛յս մեր կողմը…

Տենչալուս պատճառը կ՛առնեմ մեր Աստուածային Հոգեբուժին այս առարկայական հաւաստումէն. «Կ՛ըսեմ ձեզի, երկնքին մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ մէկ մեղաւորին համար, որ կ՛ապաշխարէ» եւ դարձի կու գայ, քան` իրենք զիրենք «արդար» եւ «անմեղ» հռչակողներուն համար, որոնք կը կարծեն, թէ` «պէտք չունին ապաշխարութեան»:

Մեղաւորին հանդէպ Յիսուս ցոյց կու տայ իր անհատնելի սէրը եւ անեզր գութը նաեւ «Կորսուած ոչխարը» առակին մէջ: Կը ձգէ իննսուն ոչխարները եւ կը վազէ մէկ կորսուածը փնտռելու, զոր ոչ միայն կը գտնէ, այլ նաեւ «ուրախութեամբ կը դնէ ուսերուն վրայ»` դարձնելով զայն իր փարախը:

Զարմանալի է Յիսուս, որ թէպէտ բոլոր մարդերուն համար մարդացաւ ու հրաշագործեց, բայց եւ այնպէս, այդ բոլորին մէջ մէկն իսկ ոչ միայն չի մոռնար, ու յատկապէս այն մէկը, որ ճամբայէն շեղելու եւ «կորուսեալ ոչխար» ըլլալու դժբախտութիւնը կ՛ունենայ, այլ նաեւ ամէն ինչ կ՛ընէ զայն վերադարձնելու իր տունը:

Ինչպէս որ իննսուն եւ ինն ոչխարներէն «Ան կը ճանչնայ … իւրաքանչիւրը իր անունով» (Յվհ. 10,3), նոյնպէս Անոր ծանօթ է նաեւ այն մէկ «կորսուած»-` թէ՛ իր անունով եւ թէ՛ իր շեղումներով:

Ուստի, այս անձնաւորական ճանաչումին ու մտերմական ծանօթութեան խոր գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ հոգին յաւերժացնելու սիրատենչէն թելադրուելով` Յիսուս Քրիստոս այսօր ալ կը յայտարարէ, թէ Ինք` «Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու» (Մտթ. 18,11):

Եզրակացութիւն: Առաջին` թոյլ տա՛նք մեր քաջ ու բարի Հովիւին, որ մեզ գտնէ-շալկէ-վերադարձնէ իր գթասրտութեամբ եւ անձնամոռացումով. «Ես կեանքս կու տամ իմ ոչխարներուս համար» (Յվհ. 10,15):

Երկրորդ` թոյլ տա՛նք մեր քաջ ու բարի Հովիւին, որ մեզ գտնելէ-շալկելէ-վերադարձնելէ ետք` կարենայ ըսել մեզի.«Որպէսզի իմ ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Յվհ. 15,11):

Երրորդ` թոյլ տանք մեր քաջ ու բարի Հովիւին, որ մեզ դարձնելէն ետք` ձայնէ աշխարհին. «Ուրախացէ՛ք Ինծի հետ, որովհետեւ գտայ իմ կորսուած գանձս: Կ՛ըսեմ ձեզի, այսպէս կ՛ուրախանան Աստուծոյ հրեշտակները մէկ մեղաւորի համար, որ կ՛ապաշխարէ» (Ղկ. 15,9-10) եւ կը վերադառնայ իր Արարիչ Հօր տունը, ուր կայ միայն սէրը:

Աղօթքս եւ մաղթանքս է, որ դուն, ան եւ ես` մենք համապատասխանենք Տիրոջ հոգեկանութեան` լսելով ձայնը մեր Հովիւին ու հետեւելով անոր առաջնորդութեան:

Այնճար, 3 օգոստոս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.