2014-08-11 10:41:01

Կազայի մէջ 72 ժամուան նոր զինադադար


Պաղեստինեան խմբաւորումներն ու Իսրայէլ Կիրակի գիշեր Կազայի մէջ 72 ժամուան նոր զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին: Բուռն բանակցութիւններէ ետք` կողմերը սպառնացին հեռանալ բանակցութեան սեղանէն, սակայն աւելի ուշ անակնկալ կերպով համաձայնութիւն գոյացուցին:
Ըստ համաձայնութեան, զինադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէր կիրակի 10 օգոստոսի գիշերուան ժամը 23:00¬ին: Գոյացած համաձայնութիւնը այն առիթն ու յոյսը կը ստեղծէ, որ բանագնացները աւելի երկարատեւ զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.