2014-08-11 14:06:00

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանները զօրակցութիւն կը յայտնեն բռնի տեղահանուած քրիստոնեաներուն։


4-9 օգոստոս 2014 Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ, բազմազան առաքելավայրերէ ժամանած միաբաններու մասնակցութեամբ, գումարեց միաբանական ժողով մը որուն ընթացքին միասնաբար քննարկուեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, թեմական և կանոնական հարցեր, հայ կաթողիկէ եկեղեցին յուզող հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնէութեան և յատկապէս հայութեան իրավիճակը:
Այս առթիւ հրատարակած երակարաշունջ փակման հաղորդագրութեան մէջ, Միաբան Հայրերը անդրադառնալէ ետք ժողովի ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, յատուկէն զօրակցութիւն յայտնեցին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։
''Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն վիճակին, յատկապէս՝ Սուրիոյ և Իրաքի մէջ կատարուող վայրագութիւններուն Քրիստոնեայ ժողովուրդին և շրջանակի մէջ գտնուող սրբավայրերու նկատմամբ, ժողովական Հայրերը իրենց խորին վշտակցութիւնը յայտնեցին անմարդկային արարքներուն համար, միաժամանակ զօրակցելով բռնի տեղահանուած քրիստոնեայ բնակչութեան, որոնց նկատմամբ հարկաւոր է գործնական քայլերու դիմել, իրենց ճակատագրին չձգել, այլ տէր ու պաշտպան կանգնիլ անոնց'':
Կը կարդանք Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանական ժողովի առթիւ հրատարակուած փակման հաղորդագրտութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.