2014-08-11 10:35:20

Աւարտեցաւ Նախագահներու եռակողմ հանդիպում


Օգոստոս 10-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած լարուածութեան իբրեւ հետեւանք հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող խնդիրները:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ նշած է. «Ես կը փափաքիմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսիոյ մէջ ձեզ հետ հանդիպելու կարելիութեան համար: Մենք երէկ կարելիութիւն ունեցանք խօսելու երկկողմ յարաբերութիւններու մասին ե՛ւ Հայաստանի նախագահին, ե՛ւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Երեկոյեան նաեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցանք: Անշուշտ, փառք Աստուծոյ, մենք երէկ երեկոյեան չանդրադարձանք գործնական բնոյթի հարցերու, սակայն, այնուամենայնիւ, իրարու հետ տարբեր նիւթերով խօսելու կարելիութիւն կար: Իմ կարծիքովս, ատիկա յատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէ, որպէսզի բացէ ի բաց խօսինք դժուարագոյն, ծանրագոյն հարցերու մասին` շրջանային լուծման հետ առնչուած:
Նախագահներու եռակողմ հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է,- «….ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է չորս բանաձեւ, որոնք կը պահանջեն անվերապահօրէն եւ անյապաղ Ազրպէյճանի տարածքէն հայկական բռնագրաւող ուժերու դուրս բերում: Ցաւօք, արդէն անցած է աւելի քան քսան տարի, այդ բանաձեւերը մնացած են թուղթի վրայ:
Մինսքի խմբակը` ի դէմս իր համանախագահներուն, կ՛աշխատի, կը փորձէ մօտեցնել կողմերը, սակայն ատիկա այդքան ալ լաւ չ՛ընթանար: Ուստի ես կը գտնեմ, որ Ռուսիան` իբրեւ մեր մտերիմ բարեկամ, գործընկեր եւ դրացի, ունի, անշուշտ, իւրայատուկ դեր լուծման հոլովոյթին մէջ: Յոյսով ենք, որ մօտակայ ժամանակին բանակցութիւններու ուղիով, խաղաղ ճամբով մենք պիտի գտնենք լուծում, որ պիտի համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ պիտի համապատասխանէ արդարութեան»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է. «Շնորհակալութիւն Վլատիմիր Վլատիմիրի ե՛ւ ձեր ջանքերուն, ե՛ւ ձեր ժամանակին համար` այս բարդ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին ուշադրութիւն յատկացնելու համար: Մենք` անձամբ հայկական կողմը, ատիկա շատ բարձր կը գնահատենք: Մենք կը նկատենք, որ իրապէս, հարցը կարելի է լուծել, պէտք է լուծել փոխզիջումի այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք առաջարկած են մեզի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
«Ատրպէյճանական կողմը մշտապէս կը վկայակոչէ ՄԱԿ-ի չորս բանաձեւերը, սակայն այսպիսի հռետորական հարց պարոն Ալիեւին` այդ բանաձեւերէն ո՞ր կէտը կատարած է Ատրպէյճանը: Այդ բանաձեւերուն կէտերը գործադրած է միայն Հայաստանը, որ օգտագործած է իր ազդեցութիւնը, որպէսզի դադրեցուին զինուորական գործողութիւնները: Եթէ մենք վերադառնանք 90-ական թուականներու սկիզբներու իրադարձութիւններուն, ապա ես կը կարծեմ, որ մէկ կողմէ լաւ պիտի ըլլայ, միւս կողմէ ալ կրնայ որոշ տեղ ձգձգուիլ: Լաւ պիտի ըլլայ այն առումով, որ մենք այն ժամանակ եկանք այն եզրակացութեան, որ ղարաբաղեան հարցը զինուորական լուծում չունի, իսկ եթէ մենք նորէն մեղադրենք զիրար, ես կը կարծեմ, որ բաւական երկար ժամանակ այդ հարցը պիտի չլուծուի: Ես շնորհակալ եմ ձեզի, որ դուք տրամադրուած էք հարցին լուծման, եւ այդ հարցին լուծումը կը բխի Հայաստանի ազգային շահերէն»:
Փութին ըսած է. «Ես հաճոյքով կ՛արձանագրեմ, որ Աkրպէյճանի նախագահը ուշադրութիւն դարձուց հարցին խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան վրայ: Եւ դուք, այժմ ատոր մասին ըսիք: Ատիկա, իրականութեան մէջ, ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ չկայ աւելի ողբերգական բան, քան մարդոց մահը: Պէտք է, այնուամենայնիւ, մեկնելով անկէ, որ հակամարտային իրավիճակը ձեւաւորուած է շատոնց, մեզի հասած է անցեալէն, մեզի հասած է, կարելի է ըսել եւ պէտք է ըսել, իբրեւ Խորհրդային Միութեան ժառանգութիւն, եւ մենք պէտք է դրսեւորենք համբերատարութիւն, խոհեմութիւն, յարգանք իրարու նկատմամբ, որպէսզի այդ լուծումը գտնենք: Անկասկած, իւրաքանչիւր բարդ իրավիճակ կրնայ լուծուիլ, եթէ կայ բարի կամքի դրսեւորում: Ես կը կարծեմ, որ այդպիսի բարի կամք ե՛ւ ատրպէյճանցի ժողովուրդին, ե՛ւ հայ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.