2014-08-11 12:27:44

''Աշխարհը պէտք ունի քաջ եւ յանդուգն երիտասարդներու''. Ըսաւ Քահանայապետը ԱՃԵՇԻ սկաուտական շարժումի անդմաներուն ուղղած հեռաձայնային պատգամին մէջ։


Կիրակի, 10 օգոստոսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, հեռաձայնային կապ պահեց Իտալիոյ Սան Ռոսսորէ շրջանի մէջ հաւաքուած Իտալական ԱճԵՇի սկաուտական շարժումի 30 հազար անդամներուն հետ, որոնք առաւօտեան մասնակցած էին Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարտինալ Պանիասքոյի մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան
''Աշխարհը պէտք ունի քաջ եւ յանդուգն երիտասարդներու. Քաջութիւնը երիտասարդներու իւրայատուկ առաքինութիւն մըն է։ Աշխարհը պէտք ունի երիտասարդներու որ միշտ շարժումի մէջ են։ Երիտասարդներ որ միշտ նոր հորիզոններու կը ձգտին եւ ոչ թէ թոշակի ելած երիտասարդներ'', ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց` ''երիտասարդը ընթանալու է յառաջ` քաջութեան ճանապարհով եւ ըլլալու է յանձնառու աւելի լաւ աշխարհի մը համար։ Այս է ձեր պարտականութիւնը՝ նոր քաղաք ստեղծել, ճշմարտութեամբ, գեղեցկութեամբ եւ բարիութեամբ զոր Տէրը մեզի շնորհած է։
Սիրելի երիտասարդներ` մի վախնաք. Մի թողուք որ յոյսը խլեն ձեզմէ ։ Կեանքը ձերն է, որպէսզի զայն պտպատու դարձնէք։ Համայն մարդկութիւնը ձեզ կը դիտէ, ձեր այս քաջութեան ուղեւորութեան ընթացքին։ Ձեզի համար կ՛աղօթեմ ու դուք աղօթեցէք ինծի համար եւ ձեզի կու տամ իմ օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.