2014-08-10 13:30:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի, 10 օգոստոս 2014-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:

Աղօթքէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանի 14րդ գլուխէն, ուր կը պատմուի թէ Յիսուս ջուրերուն վրայ քալելով նաւակ կը բարձրանայ, հակառակ փոթորիկին։

Աշակերտները երբ կը տեսնեն զինք սարսափի կը մատնուին եւ Ինք զանոնք կը հանդարտեցնէ ըսելով “ես եմ, մի վախնաք”, ապա, ընդառաջելով Պետրոսի խնդրանքին, կը հրամայէ անոր նաւակէն վար իչնել եւ ջուրերուն վրայէն քալել։
Այս դէպքը, ըսաւ Քահանայապետը, Պետրոսի հաւատքը ներկայացնող գեղեցիկ պատկեր մըն է։ Յիսուսին ձայնը լսելով, Պետրոս կ՛ընդառաջէ անվախ դէպի Վարդապետը, սակայն այն պահուն որ իր նայուածքը այլուր կը սեւերէ, կը սկսի ընկղմիլ, բայց երբ Պետրոս դարձեալ կը հայցէ Անոր օգնութիւնը, Տէրը կը հասնի իրեն փրկութեան։

“Պետրոսի անձին ու վարուելակերպին մէջ, ներկայ է մեր հաւատքը, քրիստոնիային հաւատքը որ աշխարհի վտանգներուն եւ փոթորիկներուն ընդմէջէն, կ՛ընթանայ դէպի Յարուցեալ Տէրը”, ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց թէ ինչպէս երբ Յիսուս նաւակ բարձրացաւ հովը դադրեցաւ եւ խաղաղութիւն տիրեց, դէպքը նմանցնելով Եկեղեցւոյ նաւակին որ կը դիմագրաւէ փոթորիկները ու շատ անգամ կորստեան ենթարկուած է, ու զայն փրկողը միայն հաւատքն է՝ որ կարելիութիւն կու տայ քալել նոյնիսկ մթութեան եւ դժուարութիւններուն մէջ։

“Ամէնքս այդ նաւակին վրայ կը գտնուինք ու մենք զմեզ ապահով կը զգանք երբ կը ծնկադրենք Յիսուսին առջեւ, մեր կեանքին միակ Տէրը” ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.