2014-08-09 09:07:19

Իսրայէլ կը վերսկսի Կազայէ դէմ իր յարձակումները


72 ժամուան զինադադարի աւարտէն ետք Իսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումները: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր կարգին հակադարձեց հրթիռակոծելով Պիր Սապահը, Աշքոլը, Նահիլ Կոզը, Աշքելոնը, Նիր Օզը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակին պատկանող բազմաթիւ դիրքեր: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Պեն Կորիոն օդակայանը դադրեցուց իր գործունէութիւնը: Իսրայէլ յայտնեց, որ վիրաւորուած են չորս իսրայէլացիներ, որոնցմէ մէկը զինուոր մըն է:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Զէյթուն, Թուֆֆահ եւ Ժապալիա թաղամասերը, Կազայի հիւսիսային, արեւելեան եւ հարաւային շրջանները, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մօտ եղող շրջանները:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին աւարտած 72 ժամուան զինադադարը հաստատուած էր Կազայի դէմ իսրայէլեան երեսունօրեայ յարձակումէն ետք:
Գահիրէի մէջ բանակցող պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները զինադադարը երկարաձգելու շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուցին: Իսրայէլեան պատուիրակութիւնը նաեւ մերժեց 8 պաղեստինցի զինեալներու դիակներն ու 15 գերիները փոխանակել իր երկու զինուորներուն դիակներուն հետ:
Հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը Գահիրէէն վերադարձած է Թել Աւիւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.