Ամերիկեան օդուժը կը հարուածէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու դիրքերը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ ինք ամերիկեան ուժերուն արտօնած
է «ի պահանջեալ հարկին» օդային հարուածներ հասցնել իսլամական զինեալներուն, որոնք անդամ
են ՏԱՀԵՇ-ի` արգելք հանդիսանալու համար, որ վերջիններս «ցեղասպանութիւն մը» գործեն: «Ես
հաստատած եմ Իսլամական պետութիւն շարժումի զինեալներուն դէմ օդային հարուածները` Իրաքի
մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու նպատակով, ինչպէս նաեւ
երկրին մէջ ամերիկացի աշխատողներուն պաշտպանութեան համար», ըսաւ Օպամա: Միացեալ Նահանգներու
նախագահը ընդգծեց, որ «ամերիկեան ցամաքային ուժերը Իրաք պիտի չվերադառնան»` շեշտելով,
որ իր երկրին ուժերը պիտի գործեն այդ երկրին մէջ ցեղասպանութիւնը արգիլելու համար եւ
պիտի հարուածեն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, եթէ անոնք յառաջանան դէպի Իրաքի քրտական մարզի մայրաքաղաք
Էրպիլ: Բացի ատկէ, Օպամա յայտարարեց Իրաքի մէջ մարդասիրական առաքելութեան սկսելու
մասին: Ամերիկեան զինուորական օդանաւերը արդէն սկսած են մարդասիրական օժանդակութիւն նետել
հազարաւոր իրաքցիներուն, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած են։