2014-08-08 11:53:45

“Մահմետական ծայրայեղ ռազմիկնեու յաջողութիւնները մեծ վտանգ մըն են Միջին Արեւելքին” համար կ՛ըսէ Գերապայծառ Զէնարի։


Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Զէնարի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, յայտնած է որ մահմետական ծայրայեղ ռազմիկնեու յաջողութիւնները մեծ վտանգ մըն են Միջին Արեւելքին համար, քանի անոնք կը մտին վերահաստատել իսլամական քալիֆայութիւնը։
Հիւսիային Սուրիոյ գրաւումով անոնք արդէն սկսած են գրաւել Իրաքի երկրորդ մեծ քաղաքը` քարիւղով հարուստ, եւ սկսած են ներխուժումի փորձեր կատարել Լիբանան։
Այս զինեալ ընդհարումի հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց օճախներէն հեռացած են։ Քրիստոնեաները անձկութեան մէջ են ծայրայեղ մահմետականներու յառաջացումով։ Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է լրջութեամբ դիմագրաւէ ծայրայեղ մահմետականներու հարցը – ըսած է գերապայածառ Զէնարի։
Միւս կողմէ Միլանոյի առաջնորդ` կարտինալ Սքոլան, իր կարգին կոչ ուղղած է հաւատացեալներուն աղօթելու աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն համար եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։ Հազարաւոր քրիստոնեաներ կը հալածուին երկրագունդին մէջ ընդհանուրին անտարբերութեամբ – յայտնած Միլանոյի առաջնորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.