2014-08-07 14:04:09

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութիւնը Իրաքի Քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին, յանուն Սրբազան Քահանայապետին ։


Հինգշաբթի 7 օգոստոսին, Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտարարութիւն մը կատարեց, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, հայող Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակին։

''Սրբազան Քահանայապետը մօտէն եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի Իրաքի հիւսիսէն հասած ողբերգական լուրերուն. Ուր յատուկօրէն հարստահարուած են քրիստոնեայ հասարակութիւնները'', կը կարդանք Հայր Լոմպարտիին հրատարակած յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ ան կը վերյիշէ Ֆրանչիսկոս Պապի, անցեալ 20 յուլիսի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած` ''Իրաքի հալածուած քրիստոնեայ եղբայր ու քոյրերու ի սպաս'' կոչը ու Անոր արտայայտած մօտիկութիւնը` ''ձեր կողքին եմ հաւատքով Անոր որ յաղթահարեց չարը''։

Այս անհանգստացուցիչ իրադարձութիւններուն ի տես, Սրբազան Քահանայապետը կը նորոգէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը բոլոր անոնց որ կ՛ապրին տառապալի պահեր, ու կը միանայ տեղացի Եպիսկոպոսներու կոչին, անոնց հետ ու անոնց չարչարուած հասարակութիւններուն համար խնդրելով` համայն Եկեղեցւոյ միասնական աղօթքը, հայցելու Սուրբ Հոգիէն խաղաղութեան պարգեւը։
Սրբազան Քահանայապետը իր վճռական կոչը կ՛ուղղէ միջազգային հասարակութեան որպէսզի վերջ դրուի այս մարդկայնական ողբերգական իրավիճակին եւ ջանք թափուի պաշտպանելու անոնք որ բռնութեան ենթարկուած կամ անոր սպառնալիքի տակ կ՛ապրին, ու բոլորին ապահովուի անհրաժեշտ օգնութիւնը, այդ տեղահան եղած ժողովուրդին որուն ճակատագիրը կախեալ է բոլորին զօրակցութեան զգացումներէն։
Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին խղճին ու ամէն մէկ հաւատացեալին կը կրկնէ` ''Խաղաղութեան Աստուածը` թող բոլորին ներշնչէ երկխօսութեան եւ հաշտութեան իսկական զգացումը։ Բռնութիւնը բռնութեամբ չի յաղթահարուիր։ Բռնութիւնը կը յաղթահարուի խաղաղութեամբ։ Աղօթենք լռութեան մէջ, հայցելով խաղաղութիւնը, բոլորս, լռութեամբ....Մարիամ` խաղաղութեան թագուհի, աղօթեայ վասն մեր։ (Մարեմեան աղօթք, 20 յուլիս 2014)








All the contents on this site are copyrighted ©.